Եթէ ուզենք լաւ տրամադրութեան մէջ դնել ընթերցողը, կրնանք Հայ Դատին նեցուկ կանգնելու ձեւերու բացատրութեանց պարագիծերը այնքան լայն բանալ, որ կարենան բոլորս ալ իրենց մէջ առնել: Բոլորս ալ այդ ձեւով կը դառնանք Հայ Դատի զօրակիցներ, չըսելու համար՝ զինուորագրեալներ:
Այսինքն, շատ ալ սխալ չէ, որ բոլորս ալ, ազգային մեր կառոյցներուն շուրջ հաւաքուածներս՝ դպրոց, եկեղեցի, միութիւններ, թերթեր, կազմակերպութիւններ պահողներն ու կուսակցութեանց անդամներս, ուղղակի կամ անուղղակի, նիւթական կամ բարոյական միջոցներով Հայ Դատին թիկունք կը կանգնինք, կ’օժանդակենք անոր պատգամներու տարածման, անոր քարոզչական մեքենան շարժելու, նաեւ գրելով, խօսելով, համոզելով, ներկայ ու մասնակից ըլլալով կը զօրացնենք զայն:
Երբ կ’ընդառաջենք Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ հաւաքի մը ներկայ ըլլալու, ցոյցի մը մասնակից ըլլալու կոչին, Հայ Դատը հետապնդողներու ուժին ու ազդեցութեան ոչ թէ վկան, այլ ապացոյցի կրողը կը դառնանք:
Հայ Դատի յայտարարուած կեցուածքներու հիմնաւորումները իւրացնելով, անոնց արդարացիութեան համոզումը ներքնապէս ամրապնդելով ու ապա մեր շրջապատէն ներս անոնց քարոզչութիւնը կատարելով՝ գործնականապէս նպաստած կ’ըլլանք անոր ոչ միայն անմիջական ծրագիրներու իրականացման, այլ նաեւ ապագային անոր հետ հաշուի նստիլ եւ անոր պահանջներուն հանդէպ զգայնութիւն ցոյց տալ կը պարտադրենք մեր Դատին հեռուէն թէ մօտէն առնչուողներուն:
Անշուշտ նաեւ, այս բոլորի կողքին, Հայ Դատի գրասենեակներու գործունէութեան դաշտը ընդարձակելու, անոնց քաղաքական յարաբերութեանց ծիրը լայնցնելու, անոնց քարոզչական հնարաւորութիւնները մեծցնելու համար, մեր նիւթական աջակցութեան, մեծ թէ փոքր մեր նիւթական, դրամական նուիրատուութեան, ներդրումին անհրաժեշտութիւնն ալ չենք կրնար անտեսել:
Այս բոլորին մէջ ո՞ւր կ’իյնամ ես, ո՞ւր կ’իյնաս դուն:
Ձեր տեղը դուք էք որ կը ճշդէք: Բայց իմացէք, որ գնահատողը ժողովուրդն է, ձեր չորս կողմի մարդիկն են, ձեր զաւակներէն սկսեալ մինչեւ ձեր ծնողները, ձեր ընկերները, ծանօթները, անծանօթները, ազգակիցները, որոնցմէ շատերը հաւանաբար չտեսնէք, ընդհանրապէս, եւ ուրիշներու հետ կողք-կողքի կանգնիք՝ իբրեւ հին մտերիմներ:
Հայ Դատն է ասիկա: Հայ Դատը, մեր նպատակը, մեր ծրագիրը, մեր հաւաքական երազը, մեր հաւաքական ապագան: