Ղարաբաղի հարցի «լուծման» համար գետին, հող, միտք պատրաստելու ատրպեճանական-թրքական մամուլի ջանադրութիւնը վստահաբար կը գնահատուի համապատասխան երկիրներու քաղաքական ու դիւանագիտական ղեկավարութեան կողմէ:
Ի գիտութիւն այդ շրջանակներուն եւ անոնց հետ գործակցողներուն՝ միջնորդ, միջնորդ դառնալու յաւակնորդ թէ բանակցող, այս հրապարակուած կէտերը (տեսնել այս էջով լոյս ընծայուած լրատուութիւնը՝ «Հիւրրիյէթ»ի կողմէ հրապարակուած նիւթին մասին), նախապէս հրապարակուածներուն նման, հիմնովին անընդունելի են մեզի, նաեւ, վստահաբար, համայն հայ ժողովուրդին, առաջին հերթին սկսելով Արցախէն, անցնելով Հայաստան ու ի սփիւռս աշխարհի:
Եթէ Մատրիտեան կոչուած սկզբունքներուն մէջ այս կէտերը նշուած են, ապա ուրեմն ի զուր պիտի ըլլայ այդ սկզբունքներով առաջնորդուիլ ու լուծումի մը յանգելու յոյսը փայփայել:
Սպրդած կամ սպրդեցուած (եթէ նման բառ կայ) այս կէտերը միակողմանի անձնատուութեան համազօր քայլեր են, որոնք միայն ծաղրանք կարելի է նկատել՝ սեփական արիւնով, անսահման զոհաբերութիւններով իր պապենական հողին վրայ ազատ ապրելու իրաւունքը նուաճած ժողովուրդին դէմ:
Ղարաբաղի հարցի լուծման իրապէս ձգտող ուժերը պէտք է անդրադառնան, որ երբ խելքէ այնքան հեռու գառափարներ կը նետեն մէջտեղ, ոչ մէկ ձեւով նպաստած կ’ըլլան հանրային կարծիք ստեղծելու իրենց ճիգին, այլ, ընդհակառակը, առաւել կասկածամտութիւն կը յառաջացնեն ամբողջ գործընթացին հանդէպ՝ իրենց հետ պայթեցնելով «կառուցողական» ամէն ճիգ, եթէ կան նման ճիգեր, անշուշտ:
Յամենայնդէպս, առայժմ կրկնենք մեր հիմնական, սկզբունքային ու արմատական մերժումը «Հիւրրիյէթ»ի հրապարակած կէտերուն: