«Ա1 » լրատու գործակալութիւնը Դեկտեմբեր 29ին լուր մը հաղորդեց՝ պատմելով հետեւեալ սրտայոյզ դրուագը:
Դեկտեմբեր 17ին այս գործակալութեան կայքէջէն ներկայացուած է վանաձորցի Ասոյեան ընտանիքին թշուառ վիճակը:
«Երեք անչափահաս երեխաներ ունեցող ամուսինները, կորցրած լաւատեսութիւնն ու ապագայի հանդէպ հաւատը՝ գոյատեւում էին անմխիթար պայմաններում՝ հարեւաններին պատկանող կիւասեր շինութեան մէջ:
Ասոյանների համար ոչ միայն բնակարան, այլեւ անգամ փոքրիկ տնակ ունենալը անիրագործելի երազանք էր թւում: Հրապարակումից յետոյ, սակայն, գտնուեցին բարեգութ մարդիկ, ովքեր անշահախնդիր օգնեցին կեանքի դժուարին պայմաններում յայտնուած ընտանիքին:
Վանաձորցիները, անգամ գիւղմթերքների շուկայի վաճառողները, Ասոյաններին տրամադրեցին պարկերով կարտոֆիլ (գետնախնձոր-Խմբ.), սննդամթերք եւ զանազան հագուստեղէն: Թշուառութեան ճիրաններում յայտնուած ընտանիքին աջակցեցին նաեւ ԱԺ պատգամաւորներ Կարէն Սարիբեկեան (հոգալով վերջիններիս ուժանիւթի միացման ծախսեր) եւ Վիքթոր Դալլաքեան:
«Ա1 »ի կայքում Ասոյանների մասին հրապարակումից յետոյ, Վանաձոր քաղաքի հետ որեւէ առնչութիւն չունեցող երեւանցի գործարարներից մէկը, ով չցանկացաւ իր անունը բարձրաձայնել, դրսեւորելով մարդասիրութիւն եւ մեծահոգութիւն՝ Ասոյաններին նուիրեց երեքսենեականոց բնակարան՝ ստանձնելով նաեւ բնակարանի եւրավերանորոգման եւ կահոյքի տեղադրման աշխատանքերը»:
Այս դրուագը պատշաճ նախաբան է, կարծեմ, ներկայացնելու Հայ օգնութեան միութեան ձեռնարկած գրեթէ ամէնօրեայ բարեգործութիւններու ամփոփում մը, տարուան վերջին օրը եւ Նոր Տարուան սեմին, իբրեւ յիշեցումի փորձ՝ մեզմէ համեմատաբար աւելի բարօր վիճակի մէջ գտնուողներուն՝ չմոռնալու կարիքաւորները, չմոռնալու մանաւանդ ծանր վիճակի մէջ գտնուող, անպաշտպան երեխաները:
ՀՕՄի Հայաստան-Արցախ Ծնողազուրկ երեխաներու յանձնախումբի նախագահ Մագօ Սեդրակեանին հետ խօսելով՝ կը զգաս մայրական այս կազմակերպութեան զգայնութեան ու նրբանկատութեան աստիճանը: Հայ երեխան կրնայ ծնողազուրկ ըլլալ, բայց ան որբ պէտք չէ զգայ ինքզինք, եւ հետեւաբար պէտք է իր կեանքին մէջ անպակաս ըլլայ սէրը, հոգածութիւնը, գուրգուրանքը, կարելիին չափով անշուշտ, փոխարինելու համար անփոխարինելին՝ ծնողական քնքշանքն ու հոգածութիւնը:
ՀՕՄի այս յանձնախումբը ծնած է երկրաշարժի աւերներէն՝ ծնողազուրկ դարձած երեխաներուն հոգածութիւնը ստանձնելու մղումով: Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ միայն, կ’ըսէ Մագօ Սեդրակեան, ՀՕՄը ստանձնած է հովանաւորութիւնը վեց հարիւր ծնողազուրկ երեխաներու՝ Հայաստանէն եւ Ղարաբաղէն:
«Այս երեխաները հիմա արդէն համալսարանական տարիքի հասած են ու կարեւոր է, որ զանոնք առանձին չթողունք, շարունակենք մեր պարտականութիւնը ու կարելի եղածին չափով հոգանք անոնց համալսարանական կրթութիւնը», կ’ըսէ Սեդրակեան:
Հովանաւորելու համար ՀՕՄի սաներու կրթական ծրագիրը, տարեկան երեք հարիւր տոլար կը յատկացուի իւրաքանչիւր աշակերտի համար: Նկատի ունենալով, որ պետութիւնն ալ զեղչեր կը մատուցէ ծնողազուրկ համալսարանականներուն, այս գումարը բաւական նկատառելի օժանդակութիւն կը հանդիսանայ նոյնիսկ արժեզրկուած տոլարի պայմաններուն տակ:
ՀՕՄը նաեւ Արցախի տարածքին տասներկու մանկապարտէզներ կը հովանաւորէ: «Սօսէ մայրիկ»ին անունով կոչուած մանկապարտէզներէն երկուքին՝ Աշան եւ Ակնաբերդ գիւղերու մէջ գործողներու հովանաւորութիւնը ստանձնած է Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄը՝ տարեկան այս ծրագիրին յատկացնելով յիսուն հազար տոլար: Այս մանկապարտէզներուն մէջ երեխաները կը ստանան կանոնաւոր սնունդ ու կրթութիւն:
ՀՕՄի այս յանձնախումբը նաեւ արշաւներու կը ձեռնարկէ՝ տաքուկ հագուստներ եւ խաղալիքներ ապահովելու կարիքաւոր երեխաներուն համար: Հաւաքուած բոլոր հագուստներն ու խաղալիքները պէտք է նոր ըլլան:
Այս արշաւին մասնակցելու եւ ՀՕՄի սրտով անցնող ծրագիրներուն օժանդակելու համար կրնաք կապուիլ կազմակերպութեան կեդրոն, որ կը գտնուի 517 west Colorado-ի վրայ, կամ հեռաձայնել 818-500-1343 թիւին:
Տուէք ՀՕՄին, տուէք, որպէսզի փոխէ երեխաներուն ճակատագիրը. տուէք, որպէսզի անոնք յոյսով նային իրենց ապագային:
Կը շնորհաւորենք «Ա1 »ը՝ ընտանիքի մը կեանքը հիմնովին բարելաւելու մէջ անոր ունեցած ներդրումին համար: Երախտապարտ պիտի ըլլանք, եթէ այս կոչ-հրաւէրին ընդառաջողներուն թիւը մեծ ըլլայ, ու բազմաթիւ երեխաներու երջանկութիւն, ջերմութիւն ու ապահովութիւն երաշխաւորուի ձեր նուէրներով՝ ՀՕՄի ճամբով: