«Ասպարէզ».- Պոլսոյ պատրիարքութեան կրօնական ժողովի հրապարակած զեկոյցին առթիւ (տես առաջին էջով մեր տեղեկագրութիւնը), «Մարմարա»ի խմբագրութիւնը յայտնած է իր զարմանքն ու ընդվզումը: Ստորեւ՝ «Մարմարա»ի հակազդեցութիւնը այդ զեկոյցին:
«Մեզի համար անհաւատալի է, որ Կրօնական ժողովը ինքնիրեն այսպիսի նիստ մը գումարէ ու նմանօրինակ որոշում մը ընդունելով՝ զայն հրապարակէ։
Այս առաւօտ ստուգեցինք արդէն, որ Կրօնական ժողովը այսպիսի զեկոյց մը հրատարակելէ առաջ, որեւէ խորհրդակցութիւն չէ ունեցած ո՛չ խորհրդականներու հետ, ո՛չ ազգային մարմիններու գլխաւոր ներկայացուցիչներու հետ, ո՛չ ալ բնականաբար, մամուլին հետ։
Ուղղակի անհաւատալի է մանաւանդ, որ Կրօնական ժողովը «միաձայնութեամբ» ընդուներ է այս որոշումը։ Անհաւատալի է, բայց զարմանալի ալ չէ, որովհետեւ մինչեւ այսօր ե՞րբ տեսանք, որ Կրօնական ժողովի անդամներէն գոնէ մէկ կամ երկու անձ կենսական խնդիրներու մէջ վերապահութիւն մը յայտնէ, համաձայն չգտնուի վերէն եկած թելադրութիւններուն։
Մինչեւ այսօր համայնքէն ներս ո՛չ մէկը Մեսրոպ պատրիարք հօր բարոյական ու մարմնական հանգստաւէտութեան կամ պատրիարքական հանգամանքին ու այլեւս բարոյական դարձած «հեղինակութեան» դէմ անախորժ բան մը ըսաւ կամ մտածեց։ Կրօնական ժողովը ինչո՞ւ խուճապի մատնուած է, ի՞նչ փախցնել կ’ուզէ մաքսէն, ի՞նչ իրաւունքով կը վճռէ, թէ այսօր օրակարգի վրայ պատրիարքի ընտրութեան հարց մը չկայ, երբ այլեւս բոլորս ալ գիտենք, թէ դժբախտաբար, գործնական իմաստով, Աթոռը թափուր է, եւ երբ այլեւս բոլորս ալ գիտենք, որ բժիշկներու իսկ վկայութեամբ, պատրիարք սրբազանը ի վիճակի չէ պատրիարքի իր պաշտօնը կատարելու։
Կրօնական ժողովի անդամները կ’երեւի թէ շատ գոհ են, որ հիմա իրենց վրայ հեղինակութիւն մը չկայ, ու կողմնակից են, որ ասիկա այսպէս շարունակուի։ Կրօնական ժողովի զեկոյցը դժբախտաբար ուրիշ ո՛չ մէկ բանի պիտի ծառայէ, եթէ ոչ ժողովուրդը հրաւիրելու, որպէսզի ան ուղղէ հարցումներ կամ արտայայտէ կարծիքներ, որոնք բնաւ ալ հաճելի պիտի չըլլան Կրօնական ժողովի անդամներուն համար։ Կրօնական Ժողովի անդամները պէտք է գիտնան, թէ առանձին ու բացարձակ հեղինակութիւն չեն համայնքին դիմաց, եւ թէ իրենք ժողովուրդին կողմէ ընտրուած են միայն որպէս Կրօնական ժողովի անդամ, այլ ո՛չ թէ՝ որպէս պատրիարքի փոխանորդ կամ տեղապահ։ Անոնք իրաւունք չունին այսպիսի «Կատարուած իրողութիւն» մը պարտադրելու մեր ժողովուրդին։
Ամէն մարդ, բայց ամէնէն առաջ Կրօնական ժողովի անդամները, պէտք է գիտնան, որ այս համայնքը մարդկային ամէնէն ազնիւ զգացումները ունի մեր հիւանդ ու տարաբախտ պատրիարք հօր նկատմամբ, գիտակից ո՛չ մէկ անհատ պիտի ուզէ, կամ կ’ուզէ վնաս պատճառել պատրիարք սրբազանին բարոյական հեղինակութեան, ֆիզիքական գոյութեան ու հոգեկան հանգստաւէտութեան, ո՛չ մէկը կը փորձէ
պատրիարք հայրը հեռացնել «իր վարժուած միջավայրէն»։ Բայց ասիկա Կրօնական ժողովին իրաւունք չի տար նմանօրինակ զեկոյց մը հրատարակելու։ Կրօնական ժողովը, մեր կարծիքով, իր պատասխանատուութեան ու լիազօրութեան սահմաններէն դուրս եկած է՝ առանց ուրիշներու հետ խորհրդակցելու այսպիսի զեկոյց մը հրատարակելով։
Կը սիրենք մաղթել, որ Կրօնական ժողովը անմիջապէս անդրադառնայ իր սխալին ու դիմէ այս զեկոյցին ստեղծած յոռի տպաւորութիւնը սրբագրելու ձեռնարկի մը»։