Կեսարիոյ փաստաբաններէն Օրհան Փեկմեզճին դիմած է թրքական դատախազութիւն՝ մեղադրանք ներկայացնելու համար ընդդէմ «Ներողութիւն կը խնդրեմ» նախաձեռնութեան կազմակերպիչներուն եւ համանուն կայքէջի պատասխանատուներուն:
Թուրք փաստաբանի հայցադիմումին մէջ նախաձեռնութեան հեղինակները կը ներկայացուին «անհիմն մեղադրանքներով պատմութիւնը խայտառակելու, հասարակութիւնը վիրաւորելու եւ զրպարտելու ու կեղծիքներու միջոցով արշաւի համար ստորագրութիւններ հաւաքելու» մեղադրանքներով:
Յիշենք, որ «Ներողութիւն կը խնդրեմ» կայքէջին վրայ իր ստորագրութիւնը դրած է աւելի քան 22 հազար մարդ: