Ծեծել բանտարկեալներ՝ քսանմէկերորդ դարուն, այն ալ հազարաւոր տարիներու քաղաքակրթութիւն ու մշակոյթ ունեցող մեր երկրին մէջ, այն ալ աշխարհի ամէնէն բարձր մշակոյթներուն հետ հաղորդ քաղաքացիներ ունեցող Հայաստան աշխարհին մէջ:
Անհաւատալի է: Պարագաներ կրնան ըլլալ: Բանտեր, բանտապահներ եւ բանտարկեալներ կ’ունենան իւրայատուկ մշակոյթներ, նիստ ու կացի չգրուած օրէնքներ, որոնց մէջ ծեծը կրնայ իր տեղը ունենալ, անօրինականօրէն անշուշտ, քրէապէս պատժելի՝ յաչս հասարակութեան ընդունած օրէնքներուն ու սովորութիւններուն:
Բանտերէ ներս թէ դուրս մարդկայն խոշտանգումները անընդունելի գտնելով՝ կ’ուզենք հաւատալ նաեւ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները այս օրերուն, աւելի քան երբեք, զգայուն պիտի ըլլան այսպիսի պարագաներու նկատմամբ:
Դրական երեւոյթ է, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը անձնապէս կը հանդիպի բանտարկեալներու ծեծի ենթարկման մասին ահազանգող Մարդկային իրաւանց պաշտպան Արմէն Յարութիւնեանի հետ, ու հանդիպումէն անմիջապէս ետք կը հրահանգէ քննութիւն բանալ ու մէջտեղ հանել դէպքին մանրամասնութիւնները՝ պատասխանատուութեան կանչելու համար յանցաւորները:
Անմիջական այս հակազդեցութիւնը նաեւ կրնայ դաս ծառայել բոլոր անոնց, որոնք իշխանաւորներուն աչքին լաւ երեւելու համար, կը դիմեն ընդդիմադիր ու այլախոհ ամէն անձ ճնշելու ու ստորնացնելու քայլին՝ գնահատանք ու վարձատրութիւն ակնկալելով «շէֆ»երէն:
Այս օրերուն, իրապէս կտրուկ ու գործնական քայլեր կը սպասենք հայրենի իշխանութիւններէն. քայլեր, որոնք պիտի ապացուցեն, որ մենք չենք դիմագրաւեր խաւարի դարերու մտայնութեամբ ղեկավարուելու վտանգը: