Ընդամէնը երկու տարի անցած է «Ակօս»ի գլխաւոր խմբագիրի սպանութենէն եւ հայկական հարցերու թղթածրարները կարելի է ըսել ապրած են արագակշռոյթ զարգացումներ։ Գերգնահատումի փորձութիւններէ հեռու՝ կարելի է նոյնիսկ արծարծել ներթրքական հասարակութեան վրայ Տինքի կեանքին, գաղափարներուն եւ նահատակութեան թողած պատգամներուն ունեցած ազդեցութիւնները։
Պէտք է հանրագումարը պատրաստել Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք թէ՛ ներթրքական հարթութեան վրայ եւ թէ՛ ընդհանրապէս հայկական հարցերու կապուած թղթածրարներու առումով կատարուած փոփոխութիւններուն։ Ի հարկէ քաղաքականօրէն շատ պարզունակ պիտի թուէր փոփոխութիւններու ընթացքը կամ հոլովոյթի կայացումը վերագրել մէկ անձնաւորութեան։ Այդ չէ, որ ըսել կ՚ուզուի յամենայնդէպս։
Պահ մը շրջանցելով Տինքի հայկական գործօնները, մտաբերենք, որ Տինք թրքական ձախակողմեան շրջանակներու մէջ աշխուժ գործիչ էր, համախմբող տարր եւ թրքական թեմաներով թրքական պետութեան վերահսկողական համակարգին դէմ պայքարող թուրք քաղաքացի։ Այս պայքարին ամբողջ արուեստը, իւրայատկութիւնը՝ ազգութեամբ հայ եւ քաղաքացիութեամբ թուրք անհատի առաջ քշած հարցերու գաղափարախօսական առանցքներու մերձեցումն էր, հասարակաց գիծեր որոնելու ազդեցիկ մօտեցումը եւ մամլոյ հրապարակումներով, ասուլիսներով խորքային պետութեան ուղղուած հատու հարուածներով հանդէս գալու համարձակութիւնը։ Ի վերջոյ 301ը միայն հայ ազգաբնակչութիւնը անհանգստացնող երեւոյթ չէր։ Քիւրտերու, յոյներու, ալեւիներու, ասորիներու եւ թրքական նկատառելի շրջանակի մը առաջնային խնդիրի վերածուած հարց էր անոր տապալումը։
Երկու տարին քիչ ժամանակահատուած է՝ կատարելու ընդհանուր արժեւորումը Տինքի գաղափարներուն՝ քաղաքական գործընթացներուն ուղղութեամբ ունեցած ազդեցութեան։ 301ով դատի քաշուած մտաւորականներու երեւոյթը, թուրք այլախոհութեան տեղքայլէն դէպի տեղաշարժ անցնող շարժումները, շեշտուած համարձակախօսութիւնը, Տինքի հանդէպ հակառակ ազգայնամոլական եւ ցեղապաշտական պոռթկումներուն, համատարած յարգանքն ու վայելած հեղինակութեան աղաղակող փաստը, ներողութեան արշաւները՝ մտածել կու տան անկասկած, որ երկու տարուան ընթացքին մեկնակէտ մը, շարժիչ գործօն մը անպայման բանած է՝ հետեւանքային կացութիւններու ստեղծման այս շղթան յառաջացնելու համար։
Կը թուի սակայն, որ Տինքի երեւոյթը աւելի ազդեցիկ բանած է ներթրքական հասարակութեան ապրած զարգացումներուն վրայ, քան միջպետական յարաբերութիւններու հոլովոյթին վրայ։ Տարբեր շարժառիթներ, տարբեր մղումներ ազդեցութիւն ունեցած են հայ-թուրք պետական յարաբերութիւններու այսօրուան հոլովոյթին վրայ։ Հոլովոյթ, որ գետնի վրայ քաղաքական առումով հիմնական նոր կացութիւն չէ ստեղծած։ Տինքի մահէն շաբաթներ թէ տարիներ անց կացութիւնը այս առումով հիմնականին մէջ նոյնն է։ Տինքի սպանութենէն միայն երեք շաբաթ անց, օրուան արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան հետեւեալ տողերը կը ստորագրէր «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի մէջ.
«Յայտնի լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութենէն երեք շաբաթ անց Թուրքիոյ իշխանութիւնները կարծես թէ չեն ըմբռնած ո՛չ Տինքի կեանքի ուղերձը, ո՛չ ալ անոր մահուան խորհուրդը։ Տինքի մահէն անմիջապէս ետք ինչպէս մենք Հայաստանի մէջ, այնպէս ալ այլուր աշխարհի մէջ կ՚ուզէին հաւատալ, որ հասարակական վիշտի պոռթկումը ճեղք կը յառաջացնէ հերքման եւ մերժումի թրքական պարիսպին մէջ եւ որ ջանքեր կը գործադրուին աստիճանաբար վերացնելու այն պայմանները, որոնք հնարաւոր դարձուցին սպանութիւնը։ Մենք բոլորս յոյս ունէինք, որ այս ոճրագործութեան ծանրութիւնը եւ արձագանգի խորութիւնը կը ստիպեն Թուրքիոյ առաջնորդները օգտագործել առիթը եւ արմատապէս փոխել այն քաղաքականութիւնը, որ յանգեցուցած է այսօրուան փակուղային իրավիճակին։ Այդուհանդերձ, համերաշխութեան այդ նախնական ակնարկներէն ետք Անգարայէն եկող ուղերձը արդէն փոխուած է։ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանը յայտարարած է, որ հայերու հետ մերձեցում չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ հայերը կը պնդեն առաջուան նման ցեղասպանութեան մասին խօսելու անհրաժեշտութիւնը։ Այս մէկը պատմութիւնը վերափոխող իրադարձութիւն է, որ պէտք չէ եւ չի կրնար մոռցուիլ։ Այսուհանդերձ մենք հանդէս կու գանք նաեւ մերձեցման օգտին։ Մէկը միւսին համար նախապայման չէ»։
Պարզ է, որ յարաբերութիւններու անշարժացումի պատասխանատուութիւնը բացարձակապէս նախապայմանային կեցուածքներ որդեգրած թուրք պետութեանն է։ Տինքի պայքարն ալ Թուրքիան այդ նախապայմաններէն ձերբազատելն էր։ Առ այսօր Թուրքիոյ երեւութական-խորքային պետութիւնները այս առումով զեռօ կէտի վրայ են։ Փոխուելու ընթացքին մէջ է, սակայն, թրքական հասարակութիւնը, որմէ բաղադրամասեր հետզհետէ աւելի համարձակ կը պահանջեն տապալել 301ը, ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը, յարգել ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, ներում հայցել հայերէն։ Այս պայքարի սաստկացումն է, որ կրնայ տակաւ ազդել նաեւ միջպետական յարաբերութիւններուն վրայ։
Ոչ ոք կրնայ ժխտել, որ Թուրքիոյ հասարակական մտածողութեան զարգացման եւ ներթրքական համարձակախօսութեան մագլցողականութեան մէջ հիմնարար է դերակատարութիւնը «Ակօս»ի նահատակուած գլխաւոր խմբագիրին։ Բերդի ներսէն տարուող վտանգաւոր պատերազմ մը, որուն ջոկատներուն հրամանատարը տուաւ իր առաւելագոյնը, երկու տարի առաջ։
Երկու տարին կարճատեւ ժամանակահատուած է։ Թրքական հասարակութեան ապրած հոլովոյթին վրայ լուսարձակներ բանալը կրնայ համոզել, որ երկու տարին թէեւ կարճատեւ, այսուհանդերձ նկատառելիօրէն լեցուն շրջան մըն է։