ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ղարաբաղի Հադրութ շրջանին համար այս տարեվերջը յատկանշուած է կենսական կարեւորութեան երկու ծրագիրներով՝ Հադրութի շրջանային հիւանդանոցի հիմնանորոգման ու կահաւորման եւ «Տող-Հադրութ» կազատարի շինարարական աշխատանքներու աւարտով:
1982ին կառուցուած Հադրութի շրջանային հիւանդանոցը երբեք չէր համապատասխաներ արդի բուժական սպասարկման պահանջներուն: Շրջանը սպասարկող միակ հիւանդանոցը պէտք էր արդիւնաւէտ կերպով ծառայեցնել շուրջ 12,000 բնակիչներու կարիքներուն:
Շուրջ 1 միլիոն տոլար արժող ծրագրին հովանաւորն է «Հայաստան» հիմնադրամի Ամերիկայի արեւմտեան ափի տեղական մարմինը:
Հադրութի շրջանին մէջ բուժական սպասարկումը աւելի հասանելի դարձնելու համար, Հիմնադրամը հիւանդանոցին նուիրաբերած է շտապօգնութեան 4 նոր մեքենաներ, որոնք օժտուած են համապատասխան սարքաւորումներով: Հիւանդանոցին ղեկավարութիւնը նպատակայարմար գտած է մեքենաներէն մէկը տրամադրել հիւանդանոցէն շուրջ 20 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Տող գիւղի բուժական կեդրոնին:
Միւս կողմէ, շուտով շահագործման կը յանձնուի նաեւ «Տող-Հադրութ» 22 քիլոմեթր երկարութեամբ կազատարը, որ երկնագոյն վառելիքով պիտի ապահովէ հադրութի եւ այլ 7 գիւղերու շուրջ 5200 բնակիչները, ինչպէս նաեւ պիտի սպասարկէ նորակառոյց հիւանդանոցին: Կազատարի շինարարութիւնը (ընդհանուր արժէքը՝ շուրջ 444 միլիոն դրամ) իրականացած է «Արցախի վերածնունդ» ծրագիրին շնորհիւ: