«Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը, շարունակելով անցեալի աւանդութիւնը՝ այս տարի եւս Նոր Տարուան յատուկ թիւ մը պատրաստած է՝ բաղկացած 232 էջերէ:
Քալիֆորնիոյ ազգային, հասարակական կազմակերպութիւններուն, կառոյցներուն ու հաստատութեանց նուիրուած այս թիւը երէկ տպարան ուղարկուեցաւ, եւ ընթերցողին պիտի հասնի Նոր Տարուան յաջորդող առաջին օրերուն:
Հասկնալի էր, որ մէկ հրատարակութեան մէջ անկարելի պիտի ըլլար ներկայացնել այս մեծ համայնքէն ներս աշխատող կազմակերպութիւններու բնութագրերը, անոնց անցեալ տարուան գործունէութեան հիմնական ուրուագծերը:
Հիմա պահն է շնորհակալութեանց:
Շնորհակալութիւն բոլոր այն կազմակերպութիւններուն, որոնք իրենց մասին ամփոփ տեղեկագրութիւնը պատրաստեցին ու տրամադրեցին խմբագրութեանս:
Շնորհակալութիւն այդ կազմակերպութիւններու վարչութեանց ու գործավարներուն:
Շնորհակալութիւն բոլոր այն կազմակերպութիւններուն, անհատներուն, գործարար մարդոց, որոնք տնտեսական այս ծանր պայմաններուն տակ իսկ չզլացան իրենց նեցուկը «Ասպարէզ»ին՝ հնարաւոր դարձնելով այս ծրագիրը, եւ անշուշտ, իրենց առատաձեռնութեամբ նաեւ՝ մեր հետագայ գործունէութեան համար միջոցներու ապահովումը:
Շնորհակալութիւն այս հրատարակութեան խմբագրական գործի առիւծի բաժինը վերցուցած Եդուարդ Աբէլեանին եւ Նազ Գրիգորեան-Տէր Սարգիսեանին: Եդուարդի սիրայօժար օժանդակութիւնը միշտ զգացած ենք, ան միշտ ու անվերապահ կանգնած եղած է մեր թիկունքին:
Շնորհակալութիւն այս յատուկ թիւին համար յօդուած պատրաստած հեղինակներուն:
Շնորհակալութիւն, անշուշտ, «Ասպարէզ»ի խմբագրական եւ վարչական կազմի իւրաքանչիւր անդամի, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ այս հրատարակութեան պատրաստութեան՝ իր պարտականութենէն անդին անցնելով, գործին մէջ դնելով սիրտ ու եռանդ, սէր ու նուիրում:
Շնորհակալութիւն «Ասպարէզ»ի մեծ ընտանիքին, Դաշնակցական շարքային ընկերներուն, մարմիններուն, որոնք տէրերը ու երաշխաւորներն են թերթի շարունակականութեան՝ իրենց ազգային ծով յանձնառութիւններու կողքին: