ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ «Համազգային»ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ գործակցութեամբ «Ազդակ» օրաթերթին, Հինգշաբթի, 11 Դեկտեմբերին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեհմետ Պինայի «Փսփսացող յիշատակներ»՝ Թուրքիոյ իսլամացած հայերուն մասին վաւերագրական տեսաերիզի ցուցադրութիւնը, ներկայութեամբ մամլոյ ներկայացուցիչներու եւ համազգայնականներու: Նիւթը ներկայացուց Սալբի Գասպարեան:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ ներկայացուց Սալբի Գասպարեանի կենսագրականը: Ան աւելցուց, որ հայագիտական նիւթերու շուրջ բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու հեղինակ Գասպարեան 2006ին կատարած է թուրք իրաւաբան Ֆեթհիյէ Չէթինի «Մեծ մայրիկս» գիրքի հայերէն թարգմանութիւնը, որուն ներկայացումը կատարուած է հերթաբար Հալէպի, Վենետիկի, Միլանոյի, Փարիզի, Գահիրէի, Այնճարի եւ Պէյրութի մէջ:
Ապա բեմ բարձրացաւ Սալբի Գասպարեան, որ յայտնեց, թէ Թուրքիոյ մէջ իսլամացած հայերն ու ընդհանրապէս իսլամացած փոքրամասնութիւնները ճանչցուած են «տէօնմէ» կամ «տէօնիւք» անունով: Ան աւելցուց, թէ իսլամացած հայերու հատուցումը երբեք չի համապատասխաներ կորուստի իսկական տարողութեան, քանի որ «ոգեսպանութիւնը դատապարտող օրէնքներ չկան»:
Սալբի Գասպարեան յայտնեց, որ Մեհմետ Պինայի «Փսփսացող յիշատակներ»ու ժապաւէնը կ’անդրադառնայ Պատմական Հայաստանի Մարաշ նահանգի հայկական Կապան գիւղի իսլամացած հայերուն: Իր խօսքին մէջ Գասպարեան նաեւ ներկայացուց Մեհմետ Պինայի կենսագրականն ու Պինայի մտածումներէն հատուածներ:
Այնուհետեւ, ներկաները դիտեցին «Փսփսացող յիշատակներ»ը, որ շուրջ 40 վայրկեանուան ընթացքին դիտողին կը փոխանցէ իսլամացած հայերու ինքնութեան խնդիրները, աւանդութիւնները, ապրելակերպը, մոռացութեան մատնուած յուշերն ու յիշատակելի վկայութիւնները:
Յիշենք, որ «Փսփսացող յիշատակներ»ը առաջին անգամ ցուցադրուած է անցեալ Յունիսին՝ «Սի.Էն.Էն.-Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանէն, իսկ Յուլիսին՝ Երեւանի «Ոսկէ Ծիրան» շարժապատկերի փառատօնին: