Խումբը արդէն դարձաւ բազմութիւն: Բազմութիւնն ալ կրնայ վերածուիլ ժողովրդային, քաղաքացիական շարժումի մը խարիսխը, եթէ, անշուշտ, շարունակուի հայ ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրող թուրք մտաւորականներու այս արշաւը իր ներկայ թափով:
Թուրք աշխատաւորի ու գործարարի ստորագրութիւնը՝ մտաւորական խաւի ստորագրութեան կողքին, կրնայ ամբողջովին տարբեր շրջագիծի մը մէջ տեղաւորել այս արշաւը, անոր տալով քաղաքական նկարագիր՝ դուրս բերելով զայն զուտ բարոյական պարտք մը կատարելու մտաւորական ճիգի մը ծիրէն:
Թուրք ժողովրդային լայն զանգուածները նման տրամադրութիւն արտայայտած են անցեալին, առնուազն մէկ անգամ, Հրանդ Տինքի թաղման թափօրին մաս կազմելով եւ «Բոլորս ալ հայ ենք, բոլորս ալ Հրանդ Տինք ենք» նշանաբանը գրելով իրենց պաստառներուն վրայ:
Ժողովրդային նման շարժում մը միայն կրնայ անհրաժեշտ ապահովութիւնը երաշխաւորել մտաւորականներու կեանքին՝ առաջին հերթին, Թուրքիոյ պետութեան փոխանցելով յստակ պատգամ մը, թէ որեւէ խարդաւանք, որեւէ մութ գործարք՝ կանգնեցնելու այս շարժումը, անընդունելի պիտի ըլլայ եւ պիտի արժանանայ համընդհանուր զայրոյթի ու բողոքի քայլերու:
Եթէ ժամանակին այսպիսի հաւանականութեան մը մասին մտածելն իսկ ցնորք կրնար նկատուիլ, ապա այսօր, իւրաքանչիւր անցնող օր, www ozurdiliyoruz.com կայքէջին վրայ աւելցող իւրաքանչիւր ստորագրութեան հետ, այս ցնորքը կը մօտենայ իրականութեան:
Ի դէպ, այսպիսի ժամանակներ են, որոնք կը պարտադրեն վերանայիլ անցեալի պատահած դէպքերը եւ վերարժեւորել զանոնք՝ ներկայ իարադարձութիւններու լոյսին տակ: «Հրանդ Տինք» երեւոյթը այդպիսին է եւ անոր նահատակութիւնն ու հերոսութիւնը ամէն օր առաւել արժանաւորուելու ու գնահատուելու էջեր կը բանայ մեր առջեւը: