Դաշնակցութեան Օրուան տօնակատարութեան ներկայ ըլլալը հրաշալի պատեհութիւն մըն էր, հանդիպելու համար բազմահարիւր ընթերցողներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կարծես բան մը ունէր ըսելիք, հարց մը ունէր տալիք, բողոք մը ունէր տեղ հասցնելիք, քննադատութիւն մը ունէր փոխանցելիք:
Անդրադառնամ միայն մի քանիին:
Նոր Տարուան բացառիկը ո՞ւր հասաւ:
Ուշացաւ: Դժբախտաբար, անկախաբար, կամ այլ մակբայի մը ընկերակցութեամբ՝ ուշացաւ: Տպարանը կ’ըսէ, որ վաղը բացառիկը մեր նոյն օրուան թերթին հետ միասին պիտի դնէ ծրարներու մէջ եւ ուղարկէ նամակատուն: Այդ գործը պէտք է ըլլար Ծնունդէն քանի մը օր առաջ: Չեղաւ:
Ուշացումները աւելի նուազած են, սակայն, տակաւին բողոքողներ կան: «Ասպարէզ» ամէն օր նոյն ժամուն, տպարանին ու նամակատան հետ համաձայնեցուած ժամուն, թերթը կ’ուղարկէ տպարան: Ամէն օր նո՛յն ժամուն: Յամեցող ուշացումները անհասկնալի են մեզի համար, ու միայն թղթատար սպասարկութեան դէմ բողոքները կրնան բարելաւել վիճակը:
Ինչո՞ւ Ճորճ Աբէլեանին մասին բառ մը չգրեցինք: Զաւէն Խանճեան ուղարկած ալ էր գրութիւն մը: Կուսակցական ոեւէ պատասխանատու ցուցմունք չէ տուած թերթին, որպէսզի Ճորճ Աբէլեանի մասին բան մը գրուի կամ չգրուի: Մահացած գործիչին գնահատումը մեր կողմէ նախընտրելի էր հրապարակել իր կենդանութեան: Մահէն անմիջապէս ետք կարելի չէ առարկայական ըլլալ: Թողունք ժամանակը, որ ի՛նք թելադրէ պահը: Յամենայնդէպս, զիս արգելակողը Դաշնակցութեան գոյատեւման, երկարակեացութեան եւ կենսունակութեան կարեւորագոյն ազդակներէն՝ կարգապահութեան սկզբունքի կարեւորութիւնն է: Դաշնակցութեան քաղաքական գիծին անհամաձայն բազմաթիւ շարքայիններ մնացած են կարգապահ, ու ներքին կազմակերպական միջոցներով փորձած են իրենց կարծիքը տեղ հասցնել. կան շատեր, որոնք շարունակաբար, անընդմէջ անկարող եղած են համոզել շուրջինները, բայց մնացած են կարգապահ դաշնակցականներ: