Դաշնակցութեան Օրուան տօնակատարութեան նախօրէին դիմեցինք երկու երիտասարդներու՝ բանաձեւելու համար Դաշնակցութենէն ընդհանրապէս, եւ այս օրուան հետ կապուած մասնաւորապէս իրենց ակնկալութիւնները, սպասումներն ու մտածումները, խիստ ամփոփ կերպով ներկայացնելու խնդրանքով:
«Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինի խմբագիրի օգնական, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան անդամ Ալէն Եկիկեան մեզ փոխանցեց անգլերէնով հետեւեալ վկայութիւնը, զոր կը ներկայացնենք թարգմանաբար:
«Իր հիմնադրութեան 118րդ տարին, իմ սպասումս է, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը վերադառնայ իր արմատներուն՝ վերագտնելու ու վերականգնելու համար այն, ինչ որ զինք հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ վերածած է իւրայատուկ էութեան մը: Ինծի համար Դաշնակցութիւնը կը խորհրդանշէ յոյս, տեսիլք եւ սկզբունքայնութիւն, եւ այս Նոր Տարին, իմ ցանկութիւնս ու սպասումս է, որ կազմակերպութիւնը վերստանձնէ իր յանձնառութիւնը իր յեղափոխական ոգիին հանդէպ, որպէսզի իր հիմնադիր սերունդի տեսիլքն ու գաղափարապաշտութիւնը վերստին թեւածէ հայկական աշխարհի երկինքին մէջ, ներշնչելով աշխարհի տարածքին սփռուած հայերը՝ վերստին նետուելու ընկերային ու ազգային արդարութեան ի խնդիր յանդուգն ծրագիրներու գործին»:
Համալսարանական Սարօ Հարուն հետեւեալ ձեւով բանաձեւեց իր մտածումները (հայերէն).
«Գաղափար մը բնաւ դագաղ չի մտներ։ Գաղափար մը կը շարունակուի արդիւնաւէտ ըլլալ այնքան, որքան գաղափարը կրողները կառչած կը մնան անոր։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը մօտաւորապէս 120 տարուան նուիրեալ իր կեանքին տեւողութեան, ամէն գնով ծառայած է հայ ժողովուրդին բարելաւման ու բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ՝ բազմաթիւ յատուկ այլ ծրագիրներու, որոնք կարելի չեն մէկ բառով կամ խօսքով ներկայացնել: ՀՅԴ Օրուան նշանակութիւնը՝ պատիւ, արժանապատուութիւն եւ հաւատարմութիւն. նկարագրական քանի մը ածականներ են, որոնք մաս կը կազմեն բազմաթիւ այլ ածականներու շարքին, զորս այստեղ արձանագրելը նոյնիսկ օգուտ չունի։ Իմ կարծիքով, ՀՅԴն հաւատացած է, որ իր շարքերու միասնականութեամբ ու ինքնավստահութեամբ, կարողութիւն ունի ստանձնելու ժողովուրդ մը ղեկավարելու դերը՝ երբ որ կացութիւնը կը պարտադրէ, կամ, այլ պարագաներու տակ՝ նպաստելու ժողովուրդի բարօրութեան։ Այս շրջագիծին մէջ ՀՅԴն փաստած է ինքզինք տարիներու ընթացքին, եւ իր ժողովուրդին համար, առաց գովասանքի, ապահովագրած է ազատ ու ինքնիշխան ապրելու իրաւունքը։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ամէն օր յաղթանակներ կ’արձանագրէ իր ապրող գաղափարախօսութեամբ»: