ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ
Յառաջիկայ Կիրակի երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ Դաշնակցութեան Օրուան տօնակատարութիւնը, որուն ներկայ ըլլալու հրաւէրը կը կրկնենք այս սիւնակէն:
Խմբագրութիւնս դիմած է շրջանիս մտաւորականներէն դոկտ. Ռազմիկ Շիրինեանին՝ ամփոփ ձեւով ստանալու համար իր անձնական մեկնաբանութիւնը Դաշնակցութեան օրուան խորհուրդին ու նշանակութեան:
Ստորեւ՝ Շիրինեանի պատասխանը:
Հ.Յ.Դաշնակցութեան Օրը լաւագոյն անդրադարձի օր է ոեւէ դաշնակցականի ու Դաշնակցութեան ուղեգիծի համակրողին համար։ Այդ օրը միասնաբար կը նայինք Դաշնակցութեան անցեալին եւ կը տեսնենք հիմնադրութեան օրերը՝ գաղափարական իրենց ուժգնութեամբ, ֆետայական կռիւները՝ իրենց արիութեամբ, անկախութեան անհաւասար պայքարը՝ իր դիւանագիտական խիզախումներով, սփիւռքեան բազմատեսակ մարտահրաւէրները, եւ այսօր, պատմութեան դիմաց կանգնած՝ կ’անդրադառնանք անցեալէն մեզ ժառանգուած բեռին, կը ստիպուինք շալկել այդ բեռը եւ քալել դէպի ապագան։
Սարսափելի է Դաշնակցութեան անցեալի բեռը շալկել. ինչքան դիւրին է խորտակուիլ այդ բեռին տակ, եւ Դաշնակցութեան Օրուան տօնակատարութիւնը ամէն բանէ առաջ այդ իրականութեան առջեւ կը կանգնեցնէ մեզ։
Դաշնակցութեան քաղաքական դիմագիծը նաեւ պարտադրել կու տայ անդրադառնալ այս կազմակերպութեան կերտած նկարագրին։ Հիմնական երեք յատկանիշներ հաւասարապէս կը հիւսուին մեր միտքին մէջ՝ Դաշնակցութեան էութիւնը ճանչնալու համար. Ազգային-հայրենասիրական, Յեղափոխական-ազատագրական, Ընկերվարական-ժողովրդավարական:
Զուգորդուած այս դիմագծային երեք կէտերը հաւասարապէս Դաշնակցութեան միտքը եւ գործը կ’իմաստաւորեն՝ սկիզբէն մինչեւ այսօր։ Իրենց գաղափարական ուժգնութեամբ կը կանգնին մեր դիմաց եւ յանկարծ կ’անդրադառնանք առօրեայ մեր խեղճացած իրականութեան մէջ կազմակերպութեան այս հզօր նկարագիրին։ Կը սարսափինք նաեւ, որ մեր խեղճութեան առջեւ կրնան զոհ երթալ կազմակերպութեան նկարագրային այս երեք յատկանիշները։
Վերջապէս, մեզ կանխող եւ մեզ հետեւող ժամանակները իրարու շաղկապող Դաշնակցութեան Օրը կ’անդրադառնանք, որ Դաշնակցութեան անցեալը դէպի ապագայ շարժող ուժականութիւն մը կը փոխանցէ եւ մենք չենք կրնար խանգարել ատիկա։ Այս բեռը շալկած՝ կ’անդրադառնանք, որ որքա՛ն դժուար է Դաշնակցութեան Օրուան խորհուրդը ձեւակերպել: