Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն հետեւող մամուլի որեւէ ներկայացուցիչ պարտաւոր է լուսարձակներ բանալու նախագահ Սարգսեանի գերմանական «Ֆրէնքֆըրտըր Ալլկըմայն զէյթունկ» թերթին տուած հարցազրոյցին վրայ (տե՛ս երէկուան «Ասպարէզ»ը)։ Աւելի ճիշդը՝ պատմագէտներու միացեալ յանձնաժողով յառաջացնելու թրքական առաջարկին մեր նախագահին տուած պատասխանին վրայ։ Այսպէս. «Մենք կը ցանկանք յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ, բայց ոչ՝ ամէն գնով: Եւրոպական երկիրները եւս ժամանակին պատմական յանձնաժողովներ չեն ստեղծած՝ բնականոն յարաբերութիւններ զարգացնելու համար: Նման քայլ մը կրնայ նաեւ նշանակել փորձ՝ մոլորութեան մէջ ձգելու միջազգային հանրութիւնը, յատկապէս, երբ անիկա տարիներու գործընթաց է»։
Նախ յայտնենք, որ խորքին մէջ այս յայտարարութիւնը վերաձեւակերպումն է նախագահին կողմէ թրքական առաջարկին դիմաց յայտարարուած նախորդ պատասխանին։ Ուղղակի մերժում է Թուրքիոյ լարած ծուղակին չներքաշուելու։
Ժամանակագրական տեսակէտէն տեղի է գերմանական թերթի աշխատակիցին կատարած հարցազրոյցը։ Թրքական մամուլը այնքան ապատեղեկատուութիւն տեղացուցած է համացանցին վրայ, որ եթէ թեմային ոեւէ հետեւող կ’օգտագործէ բացառապէս թրքական լրատուամիջոցներ, կը ստանայ այն տպաւորութիւնը, որ հայկական կողմը պաշտօնապէս հրաժարած է Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջէն։
Կը բաւէ մէջբերել նորագոյն օրինակը՝ «Թուտէյզ Զաման»ի ելեկտրոնային հրատարակութեան վրայ Կիրակի երեկոյ յայտնուած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի Սթոքհոլմի մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին իբրեւ թէ կատարած այն յայտարարութիւնը, ուր Նալբանդեան, միշտ ըստ թրքական լրատուամիջոցին, համոզում կը յայտնէ, որ օտար խորհրդարաններու կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչումի պահանջները չեն նպաստեր հայ-թրքական երկխօսութեան կայացման։ Այս պարունակին մէջ ալ յերիւրանքներու տարափը կը շարունակուի։
Այս անհեթեթութիւնը հակափաստարկելու պարտաւորութեան տակ չեն զգացած յայտնաբար մեր երկրի արտաքին գերատեսչութեան լրատուական բաժանմունքի պատասխանատուները։ Արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջը լուրեր բաժինով տեղեկութիւններ կու տայ նախարարին Շուէտ կատարած պաշտօնական այցելութեան մասին։ Թերեւս պէտք է յիշեցնել միայն, որ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ կատարուած յայտարարութիւնները, նախագահի եւ նախարարի մակարդակներով, միշտ պահած են համահնչեղութեան շարունակականութիւնը։ Ալ ո՛ւր մնաց նման զգայուն թեմաներու վերաբերեալ։ Երբ գերմանական թերթի ճամբով նախագահը կը շեշտէ միջազգային հանրութիւնը չմոլորեցնելու հրամայականը՝ հիմնաւորելով, որ ցեղասպանութեան ճանաչումը տարիներու գործընթաց է, նախարարը շուէտական լրատուամիջոցներուն պարզապէս չի կրնար ներկայանալ իբրեւ օտար խորհրդարաններու կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչումի պահանջի արծարծումը վնասակար գործընթաց համարող պետական գործիչ մը։
Թրքական յերիւրանքներու հերքումը եղած է անուղղակի։ Երէկ, արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բաժանմունքը շրջանառութեան մէջ դրաւ նախարարին «Նովոստի Արմենիա» լրատու գործակալութեան կատարած յայտարարութիւնը, ուր ի միջի այլոց կ’ըսուէր. «Վերջերս թրքական մամուլին մէջ Հայաստանի պաշտօնեաներուն վերագրուող լուրերը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացի վերաբերեալ, աղաւաղուած են եւ ներկայացուած են գլխիվայր: Բազմիցս ըսած եմ եւ նորէն կ’ուզեմ կրկնել, որ Հայաստանի պաշտօնեաները չեն արտայայտուած եւ երբեք չեն արտայայտուիր Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը դադրեցնելու օգտին: Առաւել եւս, Հայաստանը չի կրնար հանդուրժել Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան որեւէ դրսեւորում»:
«Երբե՛ք» բառը բացարձակապաշտ մօտեցում կ’ենթադրէ եւ առ հասարակ քաղաքական յայտարարութիւններուն մէջ շատ օրինաչափ չէ անոր օգտագործումը։ Այս պարագային, սակայն, օրինաչափ ըլլալէն աւելին է։
Իսկ այս մէկը արդէն թրքական կողմին համար յստակացում է։ Եւ ոչ միայն թրքական: