Պետրոս Ղազարեանին ես ծանօթացած եմ շուրջ քսանհինգ տարիներ առաջ: Իմ ամէնէն սիրելի ընկերներէս, տարաբախտ Խաժակ Շիթիլեանին քրոջ, մեր բոլորին քրոջ՝ Ազատուհիին հետ նշանուելու օրերէն: Մենք դեռ լիբանանեան կեանքով, լիբանանահայ մշակոյթով ապրողներէն էինք եւ հաւանաբար տակաւին ենք: Պետրոսը, իրաւաբան, դասախօս, մեզի համար հազար տարուան ամերիկահայու կերպարը կը ներկայացնէր՝ լեզուով, տեղւոյն մշակոյթին ծանօթ, ճանչցած ու գնահատած:
Նախագահ Օպամայի ընտրութիւնը Պետրոսին մէջ շարժած է քաղցր ու դառն յուշեր, որոնք ուզած է կիսել իր դասընկերներուն՝ 1958ի Պէյրութի «Քաղաքի Հայսքուլ»ի շրջանաւարտ դասարանի իր ընկերներուն հետ, որոնցմէ մէկը՝ Մուրատ Շահինեանը, փակ շրջանակէ դուրս հանելով նամակը՝ ուղարկած է ինծի անձնապէս:
Դասընկերներու այս խումբը, վերջին տարիներուն սովորութիւն ըրած է տարին քանի մը անգամ հանդիպելու եւ վերաթարմացնելու իր երբեմնի կապերը՝ արդէն ընտանիքներով:
Պետրոսէն իրաւունք ստանալով՝ կ’ուզեմ այստեղ թարգմանաբար տալ իր նամակին բովանդակութիւնը, իբրեւ ամերիկահայ իւրայատուկ փորձառութիւն ապրած մարդու անմիջական հակազդեցութիւն՝ նախագահ Օպամայի ընտրութեան փաստին: Նամակի անմիջականութիւն արտայայտող բաժիններու տկարութիւնը միայն թարգմանողիս պէտք է վերագրել:
«Բարեւ 1958ի հրոսակախումբին. Օպամայի յաղթանակի առթած բարձր ոգեւորութեանս ներշնչման ազդեցութեան տակ, այս պահուս կ’ուզեմ ձեզի հետ կիսել մտածումներս:
Բացի Մուրատէն (Շահինեան-Ա), որ կարծեմ ինծմէ քանի մը ամիս առաջ եկած էր Ամերիկա, ես ձեզմէ ամէնէն կանուխ եկողն եմ այստեղ: Ատիկա, անշուշտ, իրաւունք չի տար ինծի յաւակնելու, որ ես ձեզմէ աւելի շատ տեղեակ եմ այս երկրի ցեղային յարաբերութեանց պատմութեան մասին, բայց այն իրողութիւնը, որ դուք, մեծաւ մասամբ տարբեր հիմքերով մասնագիտութեանց հետեւեցաք, մինչ ես ուսանեցայ քաղաքական գիտութիւններ եւ հետագային քաղաքական տեսութիւններ ու Ամերիկայի պատմութիւն եւ կառավարութիւն առարկաները դասաւանդեցի, բան մը, որ զիս կը մղէ այս մտքերը արտայայտելու: Եթէ քիչ մը իրապէս յաւակնոտ հնչեն իմ խօսքերը, ներեցէք ինծի: Ես անձնակեդրոն մէկը չեմ, բայց կրքոտ մօտեցումներ ունիմ որոշ հարցերու վերաբերեալ:
Մեզմէ իւրաքանչիւրը հաւանաբար տարբեր դրդապատճառներ ունէր այս երկիրը գալու, սակայն, իմ կարծիքով, մեզմէ շատերուն մղիչ ուժը բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու փափաքն էր: Հարցը այն չէ, որ մենք կրցանք իրականացնել մեր ուզածը եւ հասնիլ այնտեղ, ուր կ’ուզէինք հասնիլ, այլ՝ այն, որ այս երկիրը մեզ ընձեռեց սպիտակամորթ ամերիկացիներու համար վերապահուած բոլոր հնարաւորութիւնները՝ հաւասարապէս:
Այսուհանդերձ, ես լաւ կը յիշեմ, թէ ինչպէ՛ս, որոշ ամերիկացիներ, նախկին ճորտերու զաւակներ, այնքան խտրական վերաբերմունքի կ’արժանանային, այնքան կը խօսուէր անոնց մասին, որ իբրեւ թէ ստորադաս ցեղի մաս կը կազմէին, որ ես անձնապէս անյարմար ու անարժան կը զգայի ինծի շնորհուած առիթներուն համար, ես, որ օտարական նորեկ մըն էի, մինչ այս հողին վրայ ծնած ու հասակ նետած իրական ամերիկացիներուն կը զլացուէին նոյն իրաւունքներն ու կարելիութիւնները: Ես լսած եմ մարդկային իրաւունքի համար պայքարող հերոսներու ճառերը, ես տեսած ու կարդացած եմ անոնց քայլարշաւներն ու նստացոյցերը, ապրած ու տեսած եմ 1965ի Քուէարկելու Իրաւունքի Օրինագիծի օրերը, 1968ի տիթրոյթեան ըմբոստութիւնները, դասարանի մէջ եղած եմ, ուր ամէնէն ցայտուն կերպով բացակայած են սեւամորթները, լսած եմ Ճորճիայի խտրապաշտ կառավարիչ Ճորճ Ուալլասի գահակալութեան ճառը, ուր ան յայտարարեց, որ՝ «Յանուն այս երկրագունդի վրայ քալող ամէնէն մեծ ժողովուրդին, ես գիծը կը քաշեմ հողին վրայ եւ ձեռնոցը կը նետեմ բռնատիրութեան ոտքերուն առջեւ, եւ կը յայտարարեմ՝ խտրութիւն այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեան»:
Օպամայի յաղթանակը եւ տասնեակ հազարաւորներու կողքին Ճէսի Ճաքսընի լացը, սիրտս լեցուց այնքան ուրախութեամբ եւ տխրութեամբ, որ ես ալ չկրցայ զսպել իմ արցունքներս: Ես յիշեցի Քէնէտի եղբայրներու եւ Մարթին Լութըր Քինկի սպանութիւնները, ես կը յիշեմ Ճէյ.Էֆ.Քէյ.ի թաղումը, տակաւին ականջիս մէջ կը հնչէ «Պոսթըն Սիմֆընի»ի կողմէ Քենետիի յուղարկաւորութեան ատեն կատարուած Պեթհովէնի երրորդ համանուագի երաժշտութիւնը, յիշեցի այս դէպքերը, որոնք ամէն անգամ յորդառատ արցունք կը բերեն աչքերէս:
Անցեալ օր, յիսուն տարի առաջ երիտասարդ այս անձս, դարձեալ երիտասարդութեամբ տոգորուեցաւ, դարձաւ կենսալի, գաղափարապաշտ, եւ տասնիններորդ դարու վիպապաշտի մը նման՝ դարձաւ ընկերային եւ քաղաքական յառաջդիմութեան համար պայքարող յեղափոխական… Հոգիս թռիչքի մէջ էր եւ սիրտս յուզմունքով կը տրոփէր: Ամերիկան երկար ճանապարհ կտրած է: Հիմա անարժան ըլլալու զգացումէս ձերբազատուած կը զգամ: Հիմա սեւամորթներուն հետ հաւասար ենք բոլորս:
Դեմոկրատ եւ ազատական ըլլալը հրաշալի է: Հոյակապ զգացում է ըլլալ հայ, որ միշտ աչքերը յարած է ապագային՝ առանց մոռնալու նայիլ ետեւ եւ օգնել անոնց, որոնք մոռցուած ու լքուած են ուրիշներէ: ԱՅՈ, ՄԵՆՔ ԿՐՆԱՆՔ: