Չեմ ուզեր զգուշաւորութեամբ սկսիլ սիւնակը: Չեմ ուզեր հետագայ անհաճոյ անակնկալներու դիմաց պաշտպանուելու տեղեր պահել ու վերապահութիւններով ծանրացնել սիւնակը:
Ընտրութեան օրը պատմական պահ ապրեցան մեզմէ շատեր, ապրեցաւ Ամերիկան. կը հաւատամ, որ ապրեցան ամերիկահայերը՝ առաւել մեծ համեմամտութեամբ, հանրապետական թէ դեմոկրատ:
Հպարտութեան, յուզումի հոյակապ պահ մը ես ալ ապրեցայ, առաջին անգամ (եւ ասիկա անպայման հպարտութեամբ չէ, որ կը գրեմ), իբրեւ Ամերիկայի քաղաքացի՝ ճակատաբաց աշխարհին ներկայանալու զգացումով, առաջին անգամ աշխարհի տիրակալը ըլլալու հիւանդագին յոխորտանքէն ազատած նախագահ մը ունենալու վստահութեամբ:
Տասնհինգ տարեկան տղաս, որուն կեանքին կէսը Ճորճ Պուշի նախագահութեան տակ անցած է ու անով կազմուած է ԱՄՆի նախագահի մը կենդանի, բայց չարաբաստիկ պատկերացումը, իր տարեկիցներուն հետ հիմա կրնայ քաղաքացիական հպարտութեան քառամեակ մը յուսալ, ճիշդ այն ատեն, երբ հասունութեան դռներէն կը մտնէ ներս:
Կրցաւ Ամերիկան, լացաւ Ամերիկան, հպարտացաւ ու խանդավառուեցաւ: Այս դրական լիցքը վստահաբար իր նպաստը պիտի բերէ քաղաքացիներուն՝ նախ լաւատեսութիւն ներշնչելով, ապա ամրապնդելով այդ լաւատեսութիւնը, ու այդ ճամբով զուտ ենթակայական խթան մը դառնալով երկրի տնտեսութեան բարելաւման:
Պատմական պահ էր իսկապէս: Կ’ուզենք որ դառնայ պատմական ժամանակաշրջան:
Պոսթըն հրատարակուող «Հայրենիք» թերթը, որ ինքնին պատմական երեւոյթ է, որուն խմբագիրն է Զաւէն Թորիկեան, այս առթիւ կը գրէ.
«Այո՛, կրցանք, այո՛, կրցաւ… Պարաք Օպամա ընտրուեցաւ ԱՄՆի նախագահ։ Աներեւակայելի երա՜զ մը, որ Մարթըն Լութըր Քինկ տասնեակ տարիներ առաջ կը սպասէր…
Յաղթանակի՛ բռունցք մը, որ օրին… 1968ի Մեքսիքայի Ողիմպիականին՝ ԱՄՆ դրօշը ներկայացնող սեւամորթ մարզիկներ՝ Թոմի Սմիթ եւ Ճոն Քարլոս վեհօրէն բարձրացուցին՝ պարտադրելով յարգանք եւ արդարութիւն…
Աթո՛ռ մը… ոչ նախագահական, այլ պարզ աթոռ մը՝ հանրակառքի, որմէ բազմիցս կը զրկուէր Ռոզա Փարքս (Ալապամա), պարզապէս այլ ցեղի պատկանած ըլլալուն պատճառաւ…
Փոփոխութիւննե՜ր… որոնց ականատես եղաւ Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2008ին, նախագահական ընտրութիւններուն ամէնէն տարեց քուէարկող, Աթլանթայի (Ճորճիա) բնակիչ, 106 տարեկան Անն Նիքսըն Քուփըր…
Այո՛, Օպամա շրջանցեց ու յեղաշրջեց։ Ան քուէներ հնձեց նահանգներէ ներս, ուր տասնեակ տարիներէ ի վեր, դեմոկրատականներ չէին կրցած տիրապետել։ ԱՄՆի 44րդ նախագահը, իր գործակից փոխնախագահ Ճօ Պայտընի հետ, պիտի ստանձնէ Սպիտակ Տան ղեկը՝ Յունուար 20, 2009ին»։