«Ասպարէզ» երէկուան առաջին էջով տեղեկագրեց, որ Մեծի տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի այցելութեան ընթացքին, Հռոմի Պենետիքթ 16րդ պապը խուսափած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը հաստատելէ, փոխարէնը օգտագործելով «Անխօսելի տառապանքներ» բառերը:
Նոյն տեղեկագրութեան մէջ նշած ենք, որ Վատիկանի Եկեղեցիներու միութեան խորհուրդի ղեկավար կարտինալ Ուոլթըր Քասփըր, Արամ կաթողիկոսի այցելութեան նախօրեակին, Վատիկանի ձայնասփիւռին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած էր, թէ՝ «1915ի դէպքերը Վատիկանի կողմէ ընդունուած են ու այսօր եւս կը նկատուին ցեղասպանութիւն«։
Յիշեցնելով Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապի 2001 թուականի Հայաստան այցելութիւնը՝ կարտինալը յայտնած է. «Հայկական Ցեղասպանութիւնը իրականութիւն է, ասիկա բոլոր հայերուն սրտին ու խղճին մէջ արիւնող վէրք մըն է։ Այս նիւթին շուրջ Վատիկանի տեսակէտը հրապարակուած է Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապի Հայաստան այցելութեան ընթացքին։ Պապը այցելած էր ցեղասպանութեան յուշարձան եւ, որքան որ ալ ասիկա թուրքերու համար հաճելի չէ, ան արտասանած էր ցեղասպանութիւն բառը»։
Այս կրկնութիւնը կը կատարենք պարզապէս հարցականի ենթարկելու մեր սեփական դատողութիւնը՝ լրատուութեան վերնագիրին վերաբերեալ մեր որոշումին:
Պենետիքթ պապի ընտրութիւնը՝ «անխօսելի ողբերգութիւն» փոխանակ «Ցեղասպանութեան», մեզ մտահոգած էր, որ ան, տարբերելով իր նախորդէն՝ անուղղակի պատգամ մըն է, որ կը փոխանցէ միջազգային հանրային կարծիքին եւ մանաւանդ հայ եւ թուրք քաղաքական եւ ժողովրդական շրջանակներուն:
Վատիկանի բարձրաստիճան պաշտօնատարի յայտարարութիւնը պէտք էր, որ հանսգտացներ մեզ ու աւելորդ կասկածամտութեան գիրկը չնետեր: Բայց, մեզի համար չափազանց կարեւոր այս խնդիրին շուրջ, մենք մեզ թոյլ չենք տար նուազագոյն իսկ անուշադրութիւն ցոյց տալ կարեւորագոյն դիրքերու վրայ գտնուող անձերու յայտարարութեանց, անոնց բառերու ընտրութեան ու արտայայտութեան:
Նոյն մտահոգութեամբ է, որ գրեթէ ամէն օր Ղարաբաղի հարցով, կը քննենք, կը վերլուծենք բոլոր հայ, ատրպէյճանցի, թուրք, ռուս, կամ այլազգի պաշտօնատար-ներու, մեր ազգային հիմնական այս հարցին վերաբերեալ յայտարարութիւնները, որպէսզի որեւէ պարագայի, առնուազն մեր՝ հայկական դիրքերու արտայայտման մէջ, տկարութեան եւ զիջումի որեւէ նշան անուշադիր չթողունք, պահանջենք կամ դատապարտենք:
Այո՛, Վատիկանի բարձրագոյն հոգեւոր հովիւը, թէկուզ նախկինը, ճանչցած է Հայկական Ցեղասպանութիւն եւ այսօր ալ, Վատիկանի բարձրաստիճան կարտինալը կը վերահաստատէ այդ փաստը: Կ’երեւի այս պարագային, Պենետիքթ Պապի բառերուն մէջ պէտք չէր խուսափողական տրամադրութիւն փնտռել, մանաւանդ որ տեղւոյն վրայ, Արամ կաթողիկոսի նման Հայկական Հարցին հանդէպ զգայուն ու նախանձախնդիր հայրապետը, տակաւին այդ գծով ահազանգ չի բարձրացներ: