Մոսկուայի եռակողմ հռչակագիրը, հասկնալիօրէն ազգային եւ միջազգային ուշադրութեան արժանացած է՝ հրաւիրելով տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններ, որոնք մեծաւ մասամբ դրական գնահատական տուած են անոր: Այսօրուան մեր թիւով, բացի իբրեւ լուր ներկայացուած մեկնաբանութիւններէն, տեղ տուած ենք նաեւ երկու թերթերու՝ Յունաստանի մեր պաշտօնակից, դաշնակցական օրաթերթ «Ազատ Օր»ի եւ Ստեփանակերտի մէջ հրատարակուող «Ազատ Արցախ» օրաթերթի մէջ լոյս տեսած խմբագրականներուն:
Հայկական, ատրպեճանական եւ միջազգային դիւանագիտական շրջանակները գրեթէ միաձայն են այս փաստաթուղթը իբրեւ բանակցային գործընթացին նոր մղում ու դրական լիցք տուող համաձայնագիր ընդունելով:
Քաղաքագէտներու կարծիքները անշուշտ բազմազան են:
Հռչակագրի բնագրէն մեկնած՝ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ու կառավարութեան դերի նսեմացումն ու գրեթէ ամբողջութեամբ զանոնք բանակցային գործընթացէն դուրս բերած ըլլալու փաստը կ’անհանգստացնէ մեզ՝ Հայաստանը զրկելով դիւանագիտական առաւել ճկուն հնարաւորութիւններէ, որոնք յատկապէս անփոխարինելի կ’ըլլան միջազգային ճնշումներու սաստկացման պարագային:
Կարելի է ընդունիլ բոլոր այն մեկնաբանութիւնները, ըստ որոնց այս փաստաթուղթով Ատրպէյճան յաչս միջազգային հանրութեան, յանձն կ’առնէ Ղարաբաղեան հարցին լուծումը բացառապէս խաղաղ ճանապարհով փնտռելու: Այս յանձնառութիւնը բարոյական պարտաւորութեան սահմաններէն անդին կրնայ չանցնիլ, բայց եւ այնպէս, մանաւանդ ռուսական միջնորդութեան լոյսին տակ, չի կրնար սոսկ անարժէք յայտարարութեան մը կշիռը ունենալ:
Ազգային տեսանկիւնէն, այս փաստաթուղթը որոշ չափով մեղմացուց խուճապային մթնոլորտը, որ ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն կը հրահրուէր յատկապէս ընդդիմադիր շրջանակներու ու քաղաքական գործիչներու կողմէ: Դաշնակցական գործիչները վերջին շրջանին յաճախ հանդէս կու գային հանրութիւնը հանգստացնելու ու աւելորդ մտավախութիւնները ցրուելու յորդորներով: Այդ յորդորները, ինչպէս տեսանք, հիմնաւորուած էին, որովհետեւ, Մոսկուայի մէջ պարզապէս գործընթացի շարունակման, արդէն որդեգրուած չափորոշիչներու հանդէպ համոզումներու վերահաստատման փաստը վաւերացուեցաւ:
Մատրիտեան սկզբունքները, որոնք կը պահանջեն տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի, այս երկու միջազգային սկզբունքներու ներդաշնակման ձեւի փնտռտուքը, կողմերը կը բերեն նորէն բանակցութիւններու սեղան՝ առաջադրելով համբերատար, բծախնդիր աշխատանք՝ գտնելու այդ ներդաշնակող բանաձեւը, որքան ալ դժուար ու երկարատեւ ըլլայ այդ գործընթացը:
Ո՛չ անձնատուութիւն, ո՛չ մեր վիզը արեւմուտքին կամ արեւելքին ոտքերուն տակ դնելու պարտաւորութիւն ու տրամադրութիւն չ’երեւիր այս փաստաթուղթին մէջ, գոնէ այս անկիւնէն: