Այսօրուան այս սիւնակին նիւթը ազգային մեր նախապատուութիւններու լոյսին տակ պէտք է ըլլար Մոսկուայի հռչակագրի կամ յայտարարագրի վերլուծումը, առնուազն, հայաստանեան խորհրդարանական բառապաշարով՝ անոր «առաջին ընթերցմամբ» մեկնաբանութիւնը:
Սակայն, քուէարկութեան օր է, եւ մեր ընթերցողներէն կարեւոր թիւ մը այսօր առիթ պիտի ունենայ կարդալու թերթը: Ուրեմն, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ նախնական ընթերցումով իսկ Մոսկուայի յայտարարութիւնը ցնցող եւ հրատապ խնդիր չի դներ մեր առջեւ, կ’ուզենք այսօր, վերջին անգամ ըլլալով, յիշեցում մը եւս կատարել մեր ընթերցողներուն, որ չծուլանան ու անպայման երթան քուէարկութեան իրենց վայրը եւ քուէարկեն ի նպաստ Պարաք Օպամայի:
Խոստովանիմ, որ ասիկա առաջին անգամն է, որ ամերիկեան նախագահական ընտրապայքարը զիս անձնապէս այսքան հետաքրքրած, յուզած ու խանդավառած է:
Երկրի տնտեսական ճգնաժամին ճնշող ազդեցութենէն ձերբազատելու, ուաշինկթընեան ղեկավարման աւանդական, ձախաւեր, հակաժողովրդային, վերնախաւային փոքրամասնութեան մը շահերը միայն պաշտպանող վարքագիծը փոխելու ժամանակն է, իսկ այդ յոյսը ներշնչողը՝ Օպաման է:
Աւելին ու մանաւանդ խանդավառ եմ, որովհետեւ, անցեալ Ուրբաթ օր, ի տարբերութիւն իր նախորդներուն, նախկին բոլոր թեկնածուներուն, որոնք յաղթանակին մօտենալու հետ, ուղղակի համեմատութեամբ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման իրենց կատարած յանձնառութիւններէն հեռանալու աճապարանքը ցոյց տուած են, Օպաման, վերջին օրերուն, երբ իր յաղթանակը գրեթէ շօշափելի դարձած է, վերստին հաստատեց իր կեցուածքը այդ ուղղութեամբ:
Ուստի, չծուլանանք: Օպամայի խիստ հաւանական յաղթանակի նախատեսութեամբ չգինովնանք ու անպայման մասնակցինք ընտրութեան՝ անշուշտ քուէարկելով Օպամայի օգտին:
(Այստեղ, սրբագրել պէտք է մեր Շաբաթ օրուան սիւնակին մէջ թիւ ութ առաջարկութեան վերաբերեալ քուէարկութեան մասին տողը: Սոյն տողը պէտք է կարդալ հետեւեալ ձեւով. «Առաջարկութեան կողմ պիտի քուէարկէք (Այո), եթէ այսպէս կոչուած տոհմիկ դաստիարակութիւնը կը թելադրէ ձեր կեցուածքը: Դէմ կը քուէարկէք (Ոչ), եթէ մարդկային ու քաղաքացիական ազատութիւնը եւ օրէնքի առջեւ բոլորին հաւասարութիւնը ամէն բանէ վեր է ձեզի համար»: Առաջին անձը, որ այս սխալը մեր ուշադրութեան յանձնեց, մեր ընթերցողներէն Նազարէթ Կոստանդեանն է:)