Սփիւռքի նախարարի հետ հանդիպումը պէտք չէ անակնկալներ բերէր: Նախարարութեան պաշտօնականացումէն ու իր նախարարի պաշտօնը ստանձնելէն առաջ ու ետք, տիկին Հրանոյշ Յակոբեան բազմաթիւ իր հանդիպումներու ու ասուլիսներու ընթացքին մանրամասնօրէն բացատրած էր նոր կառոյցին առջեւ դրուած խնդիրները, անոր գործունէութեան դաշտը, այդ գործունէութիւնը ղեկավարող սկզբունքներն ու ուղեցոյցը:
Անակնկալը այն մարդկային գիծն էր, որ Լոս Անճելըսի հայ մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին տեսանելի դարձաւ: Անակնկալ, որովհետեւ, սովորաբար, վարժ չենք պաշտօնավարող մարդոց մէջ նման անմիջականութիւն տեսնել, անկեղծ ըլլալու՝ թէկուզ պարզապէս այդպէս երեւելու փորձ նկատել:
Հրանոյշ Յակոբեան, հայրենադարձութեան, Հայ Տունի գաղափարի մասին խօսելու ատեն, երբ անդրադարձաւ առաջին մեծ հայրենադարձութեան ու իրենց հայրենասիրութիւնը դաժանութեամբ փոխադարձած խորհրդային վարչակարգի վերաբերմունքին, յայտարարեց, որ ինք պատրաստ է ներողութիւն խնդրելու բոլոր տուժած հայրենադարձներէն: Ամէն ինչ պէտք է ընենք, որ նոյն սխալները չկրկնենք, ըսաւ Յակոբեան, որուն համար հայրենադարձութիւն անպայման չի նշանակեր հայրենիք երթալ, վերադառնալ, այնտեղ մշտական բնակութիւն հաստատել, այլ՝ հայրենիքի հետ հաղորդուիլ, հայրենիքի խորհուրդը զգալ, այցելել, այնտեղ հողի ու ջուրի համը զգալ, կապուիլ հայրենիքին:
Ոչ ոք, անշուշտ, Հայաստանի անկախ պետութիւնը կամ անոր մէկ ներկայացուցիչը պատասխանատու կը նկատէր խորհրդային համակեդրոնացման ճամբարները հայրենադարձներով նաեւ լեցնելու վարքագծին համար, սակայն, որոշ դրական տրամադրութիւն կարելի չէ չունենալ, երբ ուրիշներու յանցանքն իսկ ստանձնելու պատրաստակամութիւն ցոյց կը տրուի՝ ամրապնդելու համար մարդոց, սփիւռքահայերու մէջ այն համոզումը, որ Հայաստան վերադարձը պէտք է ըլլայ միայն ու միայն հաճելի փորձառութիւն մը:
Նոյն զգայուն կամ նրբազգաց ջիղը նկատուեցաւ տիկին Յակոբեանի մօտ, երբ կը խօսէր «Մեծ Մայրիկս» վէպի հեղինակ Ֆաթհիէ Չէթինի հետ իր հանդիպման մասին, այդ կնոջմէ իր բաժանման պահուն ունեցած տպաւորութեան ու տածած զգացումին մասին:
Սփիւռքը բարդ է իր բաղադրութեամբ, կառոյցներու այլազանութիւններով, մտայնութեանց ու տրամադրութեանց մինչեւ իսկ հակասութիւններով: Կան անշուշտ շատ ընդհանրութիւններ, որոնք կը հիւսեն ներհամայնքային խումբերն ու հատուածները իրարու, անոնց կու տան ազգային իւրայատուկ դիմագիծ: Այսուհանդերձ, սփիւռքով զբաղող, սփիւռքի հարցերով պատասխանատուութիւն վերցնող ոեւէ անձ առաջին հերթին պիտի ըլլայ նրբազգաց, պիտի ըլլայ զգայուն բոլորին նախասիրութիւններուն, մտահոգութիւններուն, առանձնայատկութիւններուն, ըլլայ մէկը, որ կարենայ իսկապէս կամուրջ դառնալ, միացնել, ճանապարհներ ստեղծել, ընդհանրութիւնները ընդգծել, տարբերութիւնները մեղմացնել: Այս ամէնը աշխարհագրական անկարելի տարածքի վրայ:
Երեւակայեցէք:
Անձը, պաշտօնեան, նախարարը, միեւնոյն ժամանակ իր ունեցած պետական, այս պարագային նախագահական նեցուկով ու վստահութեամբ, կրնայ լեռներ շարժել, կրնայ փոխադարձ յարգանքի վրայ յարաբերութիւններով ամրապնդուած գործակցութեան մթնոլորտ մը ստեղծել:
Մենք պատրաստ ենք նման գործակցութեան: Կ’ողջունենք ու կը զօրակցինք: