Մեր քոնիակի բաժակները լեցնելէ ու «բարի վերադարձ Արարատից» ըսելով՝ իր կենացը խմելէ ետք, սկսանք մեր զրոյցը, վերջերս Արարատի գագաթը բարձրացած ու իր կեանքի երազին ու «մուրազ»ին հասած, Սան Ֆրանսիսքոյի իմ վաղեմի ընկերներէն՝ 66ամեայ Կորիւն Հայրապետեանին հետ:
Մեր մեծամեծ բանաստեղծները, որքա՛ն բանաստեղծութիւններ են գրած, մեր մտաւորականները ինչ-ինչ սքանչելի բառերով նկարագրած են «Պիտի հասնինք սրբազան լեռ կատարիդ» ըսելով, ու մեր երգիչները որքա՛ն երգած են Արարատի մասին, հաշիւը կորսուած է. բայց անոնցմէ քանի՞ հոգին բախտը ունեցած է ֆիզիքապէս Արարատի գագաթը հասնելու, չենք գիտեր, բայց մէկ բան յստակ է մեզի այսօր, թէ 6 լեռնագնացներէն երկուքը՝ Կորիւն Հայրապետեանը ու զարմիկը՝ Վաչիկ Զաքարեանը, նուաճած են 5165 մեթր բարձրութիւնը, Սեպտեմբեր 9ին, կէսօրուան ժամը 12:15ին, շնչած են Սրբազան լերան նօսրացած օդը, դիտած են Երեւանը ու ընդհանրապէս Հայաստան աշխարհի համայնապատկերը, մշուշներու ու ամպերու ընդմէջէն, բայց հազիւ 10 վայրկեան դիմացած են՝ օդին նօսրութեան պատճառաւ:
Կորիւն Հայրապետեան ծնած է 1942ին, Ատրպատական նահանգի Միանէ քաղաքը: 1957ին ընտանեօք կը փոխադրուին Թեհրան: Կորիւնի համար հաճոյքի նախասիրութիւնը եղած է մարզական խաղերն ու լեռնագնացութիւնը: Թեհրան հաստատուելէ ետք, ան կ’անդամագրուի «Արարատ» կազմակերպութեան՝ ստանձնելով մարզական պատասխանատու պաշտօններ: Իբրեւ մարզական պատասխանատու եւ խմբապետ, խումբ մը հայ եւ պարսիկ լեռնագնացներու հետ ան բարձրացած է Պարսկաստանի զանազան լեռնագագաթները, ինչպիսին են՝ Ալամ Քուի (4659 մ.), Սաբալան (4821 մ.), Ալբորզ լեռնաշղթայի Դամավանդի գագաթը (5678 մ.) եւ շատ ուրիշներ, միշտ երազելով օր մը բարձրանալ նաեւ Արարատի գագաթը:
1978ին ան կը հաստատուի Սան Ֆրանսիսքօ՝ գաղութէն ներս շարունակելով իր ազգային, կուսակցական եւ մարզական աշխատանքները. մինչեւ օրս, ամէն Երկուշաբթի երեկոյեան, ՀՄԸՄի տղոց հետ կը մասնակցի կողովագնդակի ու ապա ոտնագնդակի փորձերուն:
Կ. Հայրապետեանի ոդիսականը կը սկսի այն իրողութենէն, որ թուրք պետութեան պաշտօնական կարգ ու կանոններուն համաձայն, հայերուն արգիլուած է Արարատ բարձրանալը: Կորիւն 5 տարիներէ ի վեր կը պայքարի թրքական պետութեան դէմ, հիւպատոսական աստիճանի վրայ. հիւպատոսը կը յանձնարարէ իրեն դիմել Անգարա՝ հեռաձայնի թիւ մը ու համացանցային հասցէ մը տալով իրեն: Ան կը կատարէ այդ փորձը նաեւ, սակայն ապարդիւն:
2007ի ամրան, Կորիւն փոքր խումբով մը կ’երթայ Պայազիթ, ուրկէ կը սկսի Արարատի լեռնագնացութիւնը սովորաբար: Հոն կը փորձէ ձեւ մը գտնել՝ առանց արտօնութեան Արարատ բարձրանալու, սակայն լեռնագնացութիւն կազմակերպող քիւրտ Մոսթաֆա Արսինի արգելք կը հանդիսանայ: Կորիւն իր համացանցային հասցէն կը թողու Արսինիի մօտ, խնդրելով որ կարելիութեան մը պարագային իրեն լուր մը տայ: 2008ի ամրան, Կորիւն յանկարծ լուր կը ստանայ Արսինիէն, որ եթէ տակաւին նոյն փափաքը ունի, ինք ձեւ մը կը գտնէ զինք առաջնորդելու Արարատի գագաթը, առանց արտօնագրի, բոլորովին տարբեր ճամբաներով: Կ. Հայրապետեան, խանդավառուած այս լուրով՝ կապի մէջ կը մտնէ Երեւանէն Տիգրան Բաբայեանի հետ, որ խումբեր կազմակերպող անձ մըն է. Տիգրան Բաբայեան իր կարգին կը ճարէ նաեւ երեք հայորդիներ, որոնք նոյն փափաքը ունին:
Կ. Հայրապետեան, իր զարմիկին՝ Վաչիկ Զաքարեանի հետ, Սեպտեմբերի սկիզբը կը հասնի Երեւան: Վեց հոգինոց խումբը՝ բաղկացած Տիգրան Բաբայեանէն, Կորիւն Հայրապետեանէն, Վաչիկ Զաքարեանէն, Սերուժ Սուքիասեանէն, Գէորգ Աբգարեանէն ու Ռաֆիկ Սիմոնեանէն, ճամբայ կ’ելլէ Երեւանէն Սեպտեմբեր 6ին, առաւօտեան ժամը 5:30ին, ուղեւորուելով դէպի Գիւմրի-Ախալքալաք-Ախալցխա-Կարս-Իգտիր, ու կը հասնի Պայազիթ երեկոյան ժամը 7:30ին՝ երեւանեան ժամով: Հոն, «Սպահան» նորակառոյց պանդոկին մէջ անոնց կը սպասէին Մոսթաֆա Արսինին, առաջնորդ Զաքին եւ խոհարար Ահմէտը:
Յաջորդ առաւօտ, նախաճաշէն ետք, ժամը 6:30ին, խումբը կ’ուղղուի շուկայ, պէտք եղած ուտեստեղէնները գնելու, որմէ ետք ինքնաշարժով խումբը կը հասնի Արարատի լանջերը, 2150մ. բարձրութեան (ժամը 9:00ին): Խումբը 9:20ին կը սկսի բարձրանալու. առջեւէն կը քալէ առաջնորդը՝ քիւրտ Զաքին, որուն կը հետեւի խումբը: Կէսօրուան ժամը 12ին, խումբը կ’առնէ կէս ժամ դադար մը ու կը ճաշէ: Հոն իրենց կը միանայ խոհարար Ահմէտը՝ 3 ձիերով, որոնք կը փոխադրէին իրենց ապրանքը: Խումբը կը շարունակէ վերելքը. 2 կարճ դադարներէ ետք, ժամը 2:30ին, խումբը կը հասնի առաջին ճամբարը՝ 3310 մ.ի վրայ: Կ. Հայրապետեան կը պատմէ. «Առաջին ճամբարի տեղում ենք, կանաչը նօսրանում է, պատրաստում ենք վրանները, խոհանոցը արդէն պատրաստ է. ժամը 3:00ին ճաշի ժամն է. ճաշում ենք Ահմէտի վրանում՝ տապակած միս, հաւ եւ բրինձով եղինձ ու զրուցում օրուայ տպաւորութիւններից, վաղուան ծրագրերից. խօսում ենք հայերէն, անգլերէն, թուրքերէն ու նոյնիսկ քրտերէն, եւ վերջում՝ մի 50 կրամ «Արարատ» քոնիակ, իմ խորհուրդով՝ արեան լաւ շրջանառութեան համար. ժամը 4:30 է արդէն մութ է, ընթրիքից յետոյ ամէն մէկս անցնում մեր վրանները՝ մտաբերելով վաղուան նոր դժուարութիւնները, որոնք սպասում են մեզ»:
Սեպտեմբեր 8, ժամը 7:30ին, խումբը արդէն ոտքի է: Նախաճաշը յատուկ ճաշացուցակով պատրաստուած է՝ հաց, պանիր, մեղր, կարագ, մսեղէն, հրուշակ, սուրճ եւ թէյ: Իրենց հետ կը վերցնեն թեթեւ սնունդ՝ ջուր, խնձոր, տուրմ եւ արմաւ, ու ճամբայ կ’ելլեն 3310 մ.ի առաջին հանգրուանէն: Դժուարին ու քարքարոտ զառիվերները կը շարունակուին. 3870 մ.ին կը տեսնեն Փոքր Մասիսը, ուր նաեւ դադար մը կ’առնեն ու կը ճաշեն. շարունակելով ոլորապտոյտ ու յոգնեցուցիչ զառիվերները՝ խումբը 4085 մ.ին կը հասնի երկրորդ ճամբար:
Կ. Հայրապետեան կը պատմէ. «Մենք Արարատի լանջերուն բարձրունքներու վրայ ենք, ճաշարանի վրանում ենք, զգացւում է թթուածինի պակասը, կազօճախը վատ է այրւում, դրսում քամի է ու կուտակւում են սեւ ամպեր, եղանակը լաւ բան չի խոստանում, ամպրոպն որոտում է եւ մենք տեսնում ենք կայծակների պարպումները մեզանից ցած: Անսովոր տեսարան է, նոյնիսկ ամպերի միջից տեսնում ենք լուսաւորուող դաշտը, կարծես օդանաւից ես նայում. ընթրում ենք, բոլորը լուռ են, եղանակը անհանգստացնող է. պառկում ենք քնելու. առաւօտեան ժամը 4:00ին սկսելու ենք վերելք դէպի գագաթ»:
Սեպտեմբեր 9ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն, խումբը արդէն պատրաստ է, սակայն բնութեան տուած դժուարութիւնները խումբի կարգ մը անդամներուն երկրորդ անգամ մտածել կու տան. դարձեալ լսենք Կորիւնին. «Սկսեց ձիւն գալ. մառախուղ, տեսանելիութիւնը 1 մեթրից պակաս, ճաշարան վրանում քննում ենք հետագայ անելիքները. առաջին որոշումը՝ յետաձգել վերելքը յաջորդ օրուան. երկու ժամ ետք, եղանակը կայունացաւ, նորից հաւաքւում ենք խորհրդի, առաջարկ կայ 1 ժամի չափ սպասել. խումբէն 4 հոգի տեղի կու տայ, մնացինք ես, Վաչիկը եւ խմբի առաջնորդ Զաքին. թէյի սեղանի շուրջ վերջնական որոշում ենք գրոհել գագաթը՝ յուսալով եղանակի լաւացումը. մառախուղը նօսրանում է, շտապ որոշում ենք շարժուել. վրանները թողնում ենք Ահմէտին, նա պիտի հաւաքի ու իրերը իջեցնի առաջին ճամբար. ձիերը արդէն գալիս են. վերցնում ենք ուսապարկերը ու շարժւում վեր: Ժամը 12:15ին անցանք 4500 մ. նշանացողը. կարճ դադար. քարերը ծածկուած են անսովոր երկար եղեամով. զգացւում է ձեան հոտը. շնչելը դառնում է աւելի դժուար: Վերջապէս կը հասնինք գագաթ՝ 5165 մ.: Գագաթում օդը փոթորկալի է, խիստ եղանակ է»:
Արարատի գագաթին, Կորիւնն ու Վաչիկը կ’ըմբոշխնեն բնութեան գեղեցկութիւնը, ու իբրեւ Արարատը նուաճած հայորդիներ, արդար հպարտութեամբ այսօր կ’ըսեն. «ՀԻՄԱ ՄԱՍԻՍ ՍԱՐԸ ՄԵՐՆ Է», բարեփոխելով Լեւոն Գաթրճեանի մէկ երգին բառերը՝ «Առաջ Մասիս սարը մերն էր»:
Կորիւնն ու Վաչիկը հազիւ 10 վայրկեան կը դիմանան գագաթին վրայ: Յիշատակի քանի մը լուսանկարներ առնելէ ետք, ուղեցոյց Զաքի հետ կը վերադառնան սարի զառիվարը: Անոնք կը վերամիանան իրենց խումբին առաջին ճամբարին մէջ, ու հոն գիշերելէ ետք, յաջորդ առաւօտ կ’ուղղուին դէպի Պայազիտ: