Թէքէեան մշակութային եւ Պոլսահայ միութիւններու նախաձեռնութեամբ, Կիրակի, Նոյեմբեր 2ին, երեկոյեան ժամը 6ին, Նիւ Ճըրզիի Ս. Թովմաս եկեղեցւոյ «Ախ’Թամար» պարախումբը ելոյթ պիտի ունենայ Կլէնտէյլի երկրորդական վարժարանին հանդիսասրահին մէջ՝ մասնակցութեամբ տեղացի սիրուած երգիչներ Գագիկ Բատալեանի ու Արաքս Կարապետեանի, «Արաքս» երաժշտական դպրոցի աշակերտներու, ինչպէս նաեւ հռչակաւոր սրնգահար Արարատ Պետրոսեանի:
1990ական թուականներուն կազմուած պարախումբը ունի 82 անդամներ, 5-25 տարիքի միջեւ, տարիքային երկու բաժանմունքներով: Խումբին գլխաւոր ղեկավարն է Սիլվա Ասատուրեան:
Տոմսերը կարելի է ստանալ «Չատըրեան»էն, «Սարդարապատ», «Պերճ» կամ «Ապրիլ» գրախանութներէն, կամ՝ դիմելով (818) 265-0506 թիւին: