«Ասպարէզ»ի Նոր Տարուան բացառիկի պատրաստութեան մեր ժամկէտները պարտաւորուած ենք առաջաձգել:
Նկատի առնելով աշխատանքի ծաւալը, նկատի առնելով տպագրութեան համար անհրաժեշտ ժամանակը՝ պարտաւորուած ենք սրբագրուած ու էջադրուած գործերը աւելի շուտ յանձնել տպարան:
Այս վիճակէն մեկնելով՝ կը խնդրենք մեր աշխատակիցներէն, որ իրենց գրութիւնները մեզի հասցնեն ամէնէն ուշը մինչեւ Դեկտեմբեր 1:
Նաեւ կը խնդրենք շրջանիս մէջ գործող միութիւններու պատասխանատուներէն, որ իրենց կազմակերպութեանց մասին տեղեկագրութիւնը մեզի հասցնեն կարելիութեան չափով շուտ, բայց ոչ Դեկտեմբերի մէկէն աւելի ուշ:
Ուրախ ենք, որ արդէն ստացած ենք տասնութ միութիւններու ու հաստատութեանց մասին գրութիւնները: Պարզապէս առ ի տեղեկութիւն, կու տանք անոնց անունները՝ խնդրելով մնացեալ հարիւրաւորներէն, որ եթէ կ’ուզեն տեղ ապահովել բացառիկ այս թիւին մէջ, աճապարեն ու մեզի հետ կապ պահեն:
Ցարդ ստացած ենք Հայոց եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի (Էջմիածնական), Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ, նոյն եկեղեցւոյ Հայ եկեղեցասէր Տիկնանց միութեան, Դպրաց դասին, Ս. Գրոց սերտողութեան երիտասարդական խմբակին, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ, Հայ տարեցներու միութեան Հոլիվուտի մասնաճիւղին, «Սահակ-Մեսրոպ» վարժարանի, Լոս Անճելըսի Հայ քոյրերու վարժարանի, Մաշտոց քոլէճի, Հայ կրթական հիմնարկութեան, Պոլսահայերու, Վարդանանց ասպետներու, Ամերիկահայ բժիշկներու ընկերակցութեան, Հայ գիտնականներու եւ ճարտարագէտներու միութեան, «Արփա»ի, Կլէնտէյլ-Կապան քոյր քաղաքներ ընկերակցութեան եւ Հալէպի կրթասիրաց վարժարանի շրջանաւարտից միութեան գրութիւնները:
Կրնաք երեւակայել, թէ տակաւին որքա՛ն ճամբայ ունինք կտրելու՝ մեր առաջադրանքը կատարեալ ամբողջականութեամբ իրականացնելու համար:
Կը դիմենք բոլոր միւս կազմակերպութիւններուն: Մի ուշացնէք: Մի ուշանաք: «Ասպարէզ»ի բացառիկի ձեր էջը ձեզ կը սպասէ:
Նաեւ, բացառիկին մէջ ծանուցում կամ էջ (քառորդ, կէս, ամբողջ) հովանաւորել փափաքողներէն կը խնդրենք հեռաձայնել խմբագրատուն եւ ներկայացնել իրենց նախընտրութիւնը: Հովանաւորումները տուրքէ ազատ են, եւ կը կատարուին «Armenian Media Network» անունով:
Կը սպասենք: