Արատաւոր ծնունդի հետ եկող անբուժելի հիւանդութեան պէս, ցեղասպանական եւ ազգային մաքրազտման բնազդը հանգիստ չի տար թուրք պետական մտածողութեան։
Դարաշրջան փոխուած է եւ միջազգային հանրութիւնը հետզհետէ աւելի ու աւելի զգայուն եւ աններող դարձած է մարդկային իրաւունքներն ու անոնց շարքին, յատկապէս, ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը ոտնակոխող պետութիւններու նկատմամբ։
Իր կարգին Թուրքիան ղեկավարող պետական վերնախաւը հետեւողական ճիգ կը թափէ, որպէսզի կարենայ քայլ պահել ժամանակին ու դարու ոգիին հետ։ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու նպատակով ամէն քայլի կը դիմէ, որպէսզի կարենայ բարեյոյս գործընկերոջ տպաւորութիւն առաջացնել, գոնէ երեւութապէս, թէ՛ ներքին ժողովրդավարութեան հաստատագրման, թէ՛ Քրտական, Կիպրական ու Հայկական հարցերու բարւոք լուծման եւ թէ, մանաւանդ, տարածաշրջանային հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման սատարելու իր «պատրաստակամութեան» մասին։
Բայց Թուրքիոյ կառավարող շրջանակներուն հետեւողական այդ ճիգերն ու դիւանագիտական հնարամտութիւնները յանկարծ տեղ մը ներքին արգելակումի եւ դժուարութեան կը մատնուին, որովհետեւ Թուրքիոյ արատաւոր ծնունդէն եկող անբուժելի հիւանդութիւնը անսպասելիօրէն դարձեալ գլուխ կը ցցէ…
Նորագոյն օրինակ մը աշխարհին հրամցուց Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը՝ Վեճտի Կէօնիւլ (Vecdi Gonul), Պրիւքսէլի Թրքական դեսպանատան մէջ Աթաթուրքի մահուան տարելիցին նուիրուած ոգեկոչական հանդիսութեան մը ընթացքին, երբ Թուրքիոյ Հանրապետութեան բանակային հիմնադիրին «մեծագործութեանց» թուարկումը կատարելով՝ կարեւորութեամբ ընդգծած է անոր «ներդրում»ը ներկայ թրքական պետութիւնը յոյներէ եւ հայերէ… ձերբազատելու մարզին մէջ։
«Եթէ յոյները շարունակէին ապրիլ Եգէականի ափունքին, իսկ հայերը՝ Թուրքիոյ տարածքին շատ մը տեղեր, կը զարմանամ եթէ գոյութիւն պիտի ունենար այսօրուան ազգ–պետութիւնը», շեշտած է Թուրքիոյ պատշպանութեան նախարարը։
Լրատուութիւնը կատարած թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթի 11 Նոյեմբերի ելեկտրոնային կայքէջին համաձայն, նախարար Կէօնիւլ հերքում տուած է թերթին եւ յայտարարած է, թէ մէկ օր առաջ իր կատարած հաստատումը… «սխալ հասկցուած է»։ Անշուշտ նախարարը չէ լուսաբանած, թէ ճիշդ ի՛նչ ըսել ուզած է, ոչ ալ թերթը այդ առնչութեամբ յստակացում կատարած է։ Իսկ փաստացի իրողութիւնը այն է, որ Քեմալ Աթաթուրքին ընծայուած Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարի գնահատականովն իսկ՝ Թրքական Հանրապետութիւնը արատաւոր ծնունդ ունեցաւ եւ իբրեւ ազգ–պետութիւն կայացաւ իր տարածքին ապրող հայ, յոյն եւ այլ ժողովուրդներու ցեղասպանութեան, ազգային մաքրազտման, տեղահանութեան եւ զանգուածային փոխանակման գնով (այս վերջինը՝ յոյներու պարագային՝ 1923ին)։
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը, անկասկած, արտաքին աշխարհը սիրաշահելու առումով ամէն պատճառ ունէր, որպէսզի նման սայթաքումի չմատնուէր եւ ակամայ խոստովանութիւնը չկատարէր այն ոճիրներուն եւ յանցագործութիւններուն, որոնց վրայ խարսխուեցաւ այսօրուան թրքական պետութիւնը։ Բայց արդէն բնազդի վերածուած թրքական անբուժելի հիւանդութիւնը այնպիսին է, որ թուրք պետական մտածողութիւնը չի կրնար իր անցեալին ու ժառանգութեան հետ հաշուի նստիլ, գործուած սխալը ընդունիլ եւ զայն սրբագրելու ու հասցուած վնասները դարմանելու համարձակութիւն դրսեւորել։
Ընդհակառակը, անցեալի սխալները եւ յանցագործութիւնները հերքելու կամ չքմեղանքի արժանացնելու վարքագիծը ախտանշական դարձած է արդէն Թուրքիոյ վարիչներուն մօտ։
Պաշտպանութեան նախարարի նորագոյն այս յայտարարութեան տուն տուող ծուռ տրամաբանութիւնը կ’երեւի այն է, որ 1923ին Աթաթուրքի իրագործած յոյներու եւ թուրքերու զանգուածային «փոխանակում»ը… պէտք է գնահատել եւ դրուատել՝ իբրեւ ազգամիջեան հակամարտութեանց խաղաղ կարգաւորման «օրինակելի» նախադէպ։
Զմիւռնիոյ ջարդն ու աղէտը իրագործած եւ, այդ սպառնալիքին տակ, յոյնեւթուրք «փոխանակման» տարազը աշխարհին հրամցուցած աթաթիւրքեան միեւնոյն վարքագիծն է, որ կ’առաջնորդէ Թուրքիոյ այսօրուան ղեկավարութեան քայլերը։ Իսկ նման յանցագործութեան տրուած Թուրքիոյ այժմու պաշտպանութեան նախարարին դրական գնահատականը կու գայ հաստատելու, որ Անգարայի մէջ տակաւին կ’որոճան ծրագրումը այնպիսի քայլերու, որոնք ոչ միայն չեն ծառայեր անցեալի մութ էջերու սրբագրումին, այլեւ՝ անպայման պիտի օգնեն անոնց արդարացումին։
Ի վերջոյ եւ աւելի ծանր տարողութեամբ միեւնոյն դիւանագիտական աճպարարութեան ականատեսը չե՞նք, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը քննող խառն յանձնախումբի մը ստեղծումը Անգարա նախապայման կը նկատէ, այսօր, Հայաստանի շրջափակման վերջ տալու եւ Հայաստանի հետ դիւանագիտական բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու համար։
Եւ ինչպէ՞ս կրնայ բուժուիլ այսօրինակ հիւանդութիւն մը, երբ Թուրքիան ոչ միայն չ’անդրադառնար կամ չ’ընդունիր, թէ հիւանդ է, այլեւ կը հաւատայ եւ հպարտ է, թէ Աթաթուրքի օրերէն ինք ընտրած է հարցերու «արմատական լուծման» ուղին՝ նոյնիսկ ցեղասպանութեան եւ ազգային մաքրազտման գնով…
Չէ՞ որ Աթաթուրք ի՛նք պատգամած է՝ «Երանի՜ Թու՛րք եմ ըսողին»…