ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երէկ, ԱԺ Ժառանգութիւն խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Մարտիրոսեան լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին նշեց, թէ ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման առնչութեամբ պէտք է Հայաստանի մէջ կազմակերպել բաց քննարկում, որուն լոյսին տակ ե՛ւ ընդդիմութիւնը, ե՛ւ իշխանութիւնը փորձեն գտնել ուղիներ՝ իրավիճակէն նուազագոյն կորուստներով դուրս գալու համար:
Մէկ այլ հարցի պատասխանելով՝ Ա. Մարտիրոսեան հաստատեց, թէ Մարտ 1-2ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վերաբերեալ ստեղծուելիք փաստահաւաք խումբի աշխատանքներուն մասնակցելու համար, իր կուսակցութիւնը պաշտօնական առաջարկ տակաւին չէ ստացած, իսկ առաջարկ ստանալու պարագային, թէ իր կուսակցութիւնը ի՛նչ ձեւաչափով պիտի մասնակցի խումբի աշխատանքներուն, կախուած է քանի մը հանգամանքներէ, մասնաւորապէս՝ թէ ի՛նչ լիազօրութիւններ պիտի տրուին փաստահաւաք խումբին: «Եթէ տրուելու են այնպիսի լիազօրութիւններ, ինչպիսիք ունի ԱԺի ժամանակաւոր յանձնաժողովը, բարդ քննարկման առարկայ կը դառնայ», յայտնած է Մարտիրոսեան, որուն կարծիքով, խումբը հնարաւորութիւններ եւ լայն լիազօրութիւններ պէտք է ունենայ: