ՍԻՍԻԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սիւնիքի Սիսիան քաղաքի ղեկավարի անցեալ Կիրակի տեղի ունեցած ընտրութեան նախնական արդիւնքները բաւական մօտիկ եղած են, այնքան, որ թեկնածուներէն Աղասի Յակոբջանեան դիմած է ընտրական յանձնաժողովին՝ վերահաշուարկ պահանջելով:
Ընտրութեանց նախնական արդիւնքներով, Աղասի Յակոբջանեան, որ բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութեան թեկնածուն էր, ստացած է 2002 քուէ, իսկ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան թեկնածու Տիգրան Պօռոսեան ստացած է 1941 քուէ: Անվաւեր նկատուած քուէներու թիւը 188 եղած է:
Ընտրական յանձնաժողովը երկու օր շարունակ վերահաշուարկ կատարելէ ետք, Յակոբջանեանի ընտրութիւնը վաւերական նկատած է: