«Ասպարէզ»-«Հորիզոն»ի Փոքրիկ Հայաստան փոխադրութեան առաջին հանգրուանը աւարտած է: Մէկ շաբաթ է արդէն, որ «Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը կ’աշխատի նոր շէնքին մէջ եւ շնորհիւ տնօրէնութեան ստեղծած յարմարութիւններուն, նոյնիսկ վերջնական կայան չհասած վիճակի մէջ իսկ, հնարաւոր եղած է աշխատանքային յարմար պայմաններ ապահովել:
«Հորիզոն»ին վիճակը քիչ մը աւելի բարդ է: Կայանին հետեւող մեր հայրենակիցները կը տեսնեն արդէն, որ այս ալիքէն ուղիղ եթեր դուրս գալու արհեստագիտական խնդիրները տակաւին լուծման ընթացքի մէջ են: «Հորիզոն»ի ղեկավար Հէրի Որբերեան դիտողներու ներողամտութիւնը հայցելով՝ կ’ուզէ անոնց փոխանցել, թէ ամէն միջոցի կը դիմեն, շուտով ուղիղ եթերով սփռուող ծրագիրները վերսկսելու համար:
Ուրախացնող է այն իրողութիւնը, որ «Հորիզոն» նոր շէնք կը մտնէ զինուած նոր սարքերով, նկարահանման ու տեսագրման նորագոյն գործիքներով, որոնց ան տիրացած է շնորհիւ բարերար հայորդիի մը նուիրատուութեան: Բարերարին անունը կը հրապարակուի հետագային:
Նոր շէնքը, նոր գործիքները, անկախ ամէն ինչէ, մեզ կը համակեն լաւատեսութեամբ: Գիտենք, որ երկիրը տնտեսական սուր տագնապ կը դիմագրաւէ, գիտենք, որ գօտիները սեղմելու պահ է: Այդպէս ալ կ’ընենք, բայց եւ այնպէս, ինչպէս երկրի տնտեսութեան վերականգնումը սոսկ կծկումով ու կտրատումներով չի կրնար իրականանալ, նոյնպէս մեր պարագային ալ, մեր կենսունակութեան պահպանումը եւ յառաջդիմութիւնը կը պարտադրէ, որ ստեղծագործ ըլլանք, բարելաւենք մեր մատուցած ծառայութիւնները, յայտագիրներն ու լրատուական-վերլուծական նիւթերը, աւելի գեղեցիկ տեսքով ներկայանանք մեր ընթերցողներուն ու ծանուցողներուն:
Մեր նոր աշխատանքի վայրը շնորհաւորողները միշտ կ’ընդգծեն Փոքրիկ Հայաստանի մէջ տեղաւորուած ըլլալու առանձնայատկութիւնը: Կը գիտակցինք ատոր եւ աւելի պարտաւորուած կը շարունակենք աշխատանքը: