ՌԱՎԷՆՍՊՈՒՐԿ.- 4 Հոկտեմբերին, Գերմանիոյ Ռավէնսպուրկ քաղաքին մէջ կայացաւ օփէրայի նշանաւոր հայրենի երգիչ Բարսեղ Թումանեանի եւ անոր սաներուն՝ Նարէ Դարբինեանի ու Սիփան Յակոբեանի համերգը, որ կազմակերպուած էր տեղւոյն Հայկական մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ։
Իր ձայնային հսկայական տուեալներով Բարսեղ Թումանեան կը պատկանի այն երգիչներու խումբին, որ Եւրոպայի, Աւստրալիոյ եւ Ամերիկայի օփէրայի մեծ թատրոններուն մէջ հանդէս եկած ու համբաւի տիրացած է արուեստի մարզէն ներս։
Ներկայիս ան նուիրուած է երիտասարդ խոստմնալից երգիչներ կրթելու գործին Երեւանի մէջ, իսկ Նարէ Դարբինեան ու Սիփան Յակոբեան իր յաջողագոյն աշակերտներէն են։ Սիփան Յակոբեան համերգի ընթացքին մեկնաբանեց չորս երգեր՝ փայլելով յատկապէս բարձր ձայնային մակարդակներու վրայ։ Նարէ Դարբինեան նոյնպէս յաջող ելոյթ մը ունեցաւ՝ մեկնաբանելով Պելլինիի ու Ռոսսինիի օփէրային կտորները։
Համերգը իր աւարտին հասաւ երկու երգերու կրկնութեամբ ու մեծապէս տպաւորեց ներկաները, որոնք երաժշտական հաճելի ապրումներ ունեցան։