ՊՈԼԻՍ.- «Ճումհուրիյէթ»ի թղթակիցը Անգարայէն կը հաղորդէ, թէ Բժիշկներու համաշխարհային խորհուրդը, որուն կ’անդամակցին 85 երկիրներու առողջապահական հիմնարկութիւններ, հաստատած է Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը։
Խորհուրդը տարուան երկիրը ընտրուելու թեկնածու նկատած է Հայաստանը եւ այս երկիրը ծանօթացնելու ընթացքին նշած է, որ 1.5 միլիոն հայեր սպաննուած են, ու ցեղասպանութիւն մը կատարուած է հայերու դէմ։ Կազմակերպութիւնը դիտել կու տայ, որ 1914-18 թուականներուն պատահած այս սպանդէն ետք, հայերը ցրուեցան աշխարհի չորս կողմը։
Բժիշկներու միջազգային խորհուրդը նաեւ կ’անդրադառնայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին: Հոն ըսուած է, որ հայերը «1987ին շարժման անցան, որպէսզի վերադառնան Լեռնային Ղարաբաղ։ 1992 եւ 1993 թուականներուն պատերազմ կայացաւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ եւ 1993ի Ապրիլին, Հայաստան շահաւոր դիրքի անցաւ»։
Այս կեցուածքներէն բնականաբար գոհ չեն թուրք բժիշկները։ Թուրքիոյ բժշկական միութենէն տոքթ. Ալի Ռըզա Իւչէր կը յայտնէ, որ Բժիշկներու համաշխարհային խորհուրդին կեցուածքը ընդհանրապէս հակաթուրք է, որովհետեւ ան 2004ին Ապտուլլահ Օչալանին ե՛ւս պաշտպանած է: Իւչէր ըսաւ, որ Թուրքիոյ առողջական նախարարութիւնն ու բժիշկներու միութիւնը պէտք է դիմեն միջազգային խորհուրդին, որպէսզի այդ մասին պատրաստուած համացանցային էջը վերցուի կայքէն։ Իր կարծիքով, եթէ այս ուղղութեամբ յաջողութիւն չարձանագրուի, այդ պարագային Թուրքիոյ բժիշկներու միութիւնը պէտք է հրաժարի Բժիշկներու միջազգային խորհուրդի անդամակցութենէն։