Հայ օգնութեան միութիւնը ոչ իմ, ոչ ալ ուրիշի սեփական, մասնաւոր կազմակերպութիւնն է: Ան ազգին կը ծառայէ ու ազգին կը պատկանի: Ազգին ալ հաշիւ կու տայ, իր նիւթական ու բարոյական գործունէութեան զեկոյցը կը ներկայացնէ լայն հասարակութեան:
Այսօր, «Ասպարէզ»ի ներսի էջերուն մէջ պիտի գտնէք Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Ա-րեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան անցեալ տարուան նիւթաբարոյական հաշուետուութեան ամփոփումը:
Գործունէութեան հսկայական դաշտ ընդգրկած, ազգանպաստ, բարեսիրական բազում ձեռնարկներ կազմակերպած ու իրականացուցած այս միութեան տեղեկագիրը ամփոփուած է շրջանային վարչութեան աշխատակազմին կողմէ՝ մեր խնդրանքով, թերթի էջերու սահմանափակումի լոյսին տակ:
Ազգային մեր իրականութեան մէջ, յատկապէս բարեսիրական միութիւններու գործունէութեան հրապարակային հաշուետուութինը չափազանց կարեւոր է նուիրատուներու վստահութիւնը շահելու եւ յաչս հասարակութեան վարկ ապահովելու համար:
Գիտենք, որ հրապարակային հաշուետուութեան բացակայութիւնը պարարտ հող կը պատրաստէ «ըսի-ըսաւներու», բամբասանքներու, որոնք սովորութիւն ունին ձիւնագունդի պէս, ժամ առ ժամ մեծնալու ու խթան հանդիսանալու բարոյալքիչ այնպիսի մթնոլորտի մը ստեղծման, որ աւեր կը գործէ ու պատճառ կը դառնայ կարեւոր ազգային ձեռնարկներու ձախողութեան:
Կ’ողջունենք Հայ օգնութեան միութեան այս քայլը եւ կ’առաջարկենք, որ մեր համայնքին մէջ գործող հասարակական բոլոր կազմակերպութիւնները օգտուին մեր հնարաւորութիւններէն ու թերթով հրապարակեն իրենց տեղեկագիրները, առնուազն՝ անոնց ամփոփուած տարբերակը: