Մեր տնտեսական բարօրութիւնը լքուած է, կամ յանձնուած է բախտի քմայքին: Ամէն օր հզօր տնտեսութեան, աշխարհ մը հնարաւորութիւններու ու միջոցներու տէր այս երկրի քաղաքացիները, իրենք զիրենք աւելի եւ աւելի անզօր ու անպաշտպան կը զգան՝ ի դէմս տնտեսական անկառավարելի դարձած տագնապներուն:
Գործ ու բնակարան կորսնցնելու, ամբողջ կեանքի մը վաստակը վայրկեանական փոշիացած տեսնելու մղձաւանջով կ’ապրին միլիոնաւոր մարդիկ: Կառավարութիւնը իր միջամտութիւններով, իր անմիջական կարգադրութիւններով ու տնօրինումներով կը թուի, թէ կը փորձէ մեղմացնել վիճակը, կը փորձէ կանխել աւելի ծանր, աւելի համապարփակ, գրեթէ համաշխարհային չափանիշներով ու տարողութեամբ տնտեսական փլուզում մը, սակայն, տեսնելով ու գնահատելով արդիւնքները՝ իր գործողութիւններու տրամաբանութիւնը կորսնցուցած ըլլալու տպաւորութիւնը կը թողու շատերուս վրայ, աւելի իսկ խորացնելով անվստահութիւնը, աւելի եւս վտանգելով կայունութեան հասնելու հաւանականութիւնը:
Գրեթէ ամէնօրեայ դարձած տհաճ անակնկալները, խոշորագոյն ընկերութիւններու անհասկնալի սնանկացումները, մեր՝ քաղաքացիներուս, հաշւոյն կատարուած պետական «փրկա-րար» միջոցառումները նախագահական ընտրութիւններու նախաշեմին տարօրինակ հոգեվիճակի մը մէջ կը նետեն մեզ: Ո՞վ պիտի կարենայ լաւագոյնս պաշտպանել մեր շահերը, տնտեսական բարեկեցութեան, ապահովութեան համար որո՞ւն պէտք է վստահիլ երկրի ղեկը:
Մէկ բան վստահ կարելի է ըսել, որ այս վիճակէն դժգոհ ենք ու ակնդէտ կը սպասենք փոփոխութեան: Մեր քուէն պիտի վերապահենք փոփոխութիւն եւ բարեփոխութիւն իրականացնելու յոյս ներշնչողին, մեզ բախտի քմայքէն ազատող թեկնածուին: