Արձակագիր եւ թատերագիր Խորէն Արամունին է այս անգամ յուշողը: Կարելի չէ՞ «Ասպարէզ»ի էջերուն մէջ բացի մահազդներէն, նաեւ տեղ տալ ծննդեան, նոր ծնունդներու, ամուսնութեանց, մկրտութեանց, մէկ խօսքով ուրախ առիթներու մասին ծանուցումներու:
Անշուշտ այո՛: Կ’ուզեմ խոստովանիլ, որ ընթերցողներու ուշադրութիւնը նաեւ այդ ուղղութեամբ շեղելու համար, անցեալին, միջնակարգ եւ համալսարանական աւարտական հանդէսներու ժամանակ, խմբագրական կազմի անդամներ իրե՛նք շնորհաւորանքներ դրին «Ասպարէզ»ի էջերուն վրայ՝ ճամբայ բանալու համար նման ծանուցումներու:
Հաւանաբար մէկ անգամ եղած այս փորձը աննկատ մնաց մեր բաժանորդներէն եւ մենք չկրցանք այդպիսի ծանուցումներով հարստացնել մեր էջերը:
Անգամ մը եւս փորձենք: Կը հասկնանք, որ մահազդները անհրաժեշտ են, որպէսզի մօտիկ ու յատկապէս հեռու բարեկամներու եւ ծանօթներու տեղեակ պահեն, եւ անոնք իրենց յարգանքի վերջին տուրքը մատուցելու առիթը չփախցնեն:
Տարեդարձ, մկրտութիւն, հարսանիք եւ այլ ուրախ առիթներու առթիւ խրախճանքները աւելի նեղ շրջանակներու մէջ կը կատարուին եւ անհրաժեշտութիւն չկայ աշխարհով մէկ յայտարարել անոնց մասին: Բայց ինչո՞ւ չէ: Անպայման հրաւէրներու մասին պէտք չէ յայտարարել: Միայն ուրախութեան շարժառիթի մասին հրապարակուիլը բաւարար կ’ըլլայ. մարդիկ կ’իմանան, որ իմ կամ քու սիրասուն զաւկին կամ թոռան առաջին տարեդարձն է, աղջկան հարսանիքն է, եղբօրս տղուն մկրտութիւնն է…: Մարդիկ կ’իմանան ու կը հեռախօսեն՝ շնորհաւորելու, խնդակցելու, եւ կամ յաջորդ պատահական հանդիպումի խօսակցութիւնը սկսելու նիւթ կը դառնայ:
«Շնորհաւոր ըլլայ, անցեալ օր «Ասպարէզ»էն կարդացի, որ տղադ արդէն տասնութ տարին լրացուցած է: Ե՞րբ մեծցաւ: Աստուած պահէ զինք, անփորձանք մնայ»: Այսպիսի խօսակցութիւններու տեղիք տալ է մեր նպատակը: Մարդոց, միջեւ կապի, հաղորդակցութեան, յարաբերութիւններու ջերմացման միջոց մըն ալ կ’աւելնայ մեր իրականութեան մէջ:
Տեսնենք: