Ծաղկաձորի մէջ երէկ իր աշխատանքներուն սկսաւ Համահայկական լրատուական միջոցներու համաժողովը, որուն մասնակցելու հրաւիրուած էին նաեւ «Հորիզոն» հեռատեսիլի, «Ասպարէզ»ի անգլերէն շաբաթաթերթի եւ հայերէն օրաթերթի խմբագիրները:
Համաժողովը տեղի կ’ունենայ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ՝ «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» համահայկական փառատօնի ձեռնարկներու շարքին իբրեւ մէկ մաս:
«Աշխարհին՝ մեր ինքնութեամբ» խորագիրը կրող այս համաժողովին «Հորիզոն»ի եւ «Ասպարէզ»ներու մասնակցութիւնը խիստ օգտակար պիտի ըլլար, սակայն, դժբախտաբար, կամքէ անկախ պատճառներով, կարելի չեղաւ:
Պատճառը՝ մէկ ընդհանուր հովանիի տակ աշխատող եռեակ այս հաստատութիւններու տեղափոխում էր, որ ծրագրուած էր իրականանալ անցեալ շաբաթավերջին, սակայն առարկայական դժուարութիւններու պարտադրանքով յետաձգուած է այս գալիք շաբաթավերջին:
Հետեւաբար, մինչ այս հաստատութիւնները պիտի շարունակեն իրենց լրատուական ծառայութիւնները՝ պատշաճօրէն անդրադառնալով նաեւ մամուլի մեր գործընկերներու համաժողովին, միւենոյն ժամանակ մեր աշխատակազմերը զբաղած, աւելի ճիշդը կլանուած պիտի ըլլան փոխադրութեան տաղտկալի, տհաճ գործերով:
Ուրեմն, սիրելի բաժանորդներ, սիրելի ծանուցողներ ու բարեկամներ, այս Ուրբաթ օր մեր աշխատանքային վերջին օրն է Կլէնտէյլի «Սալբի Մարտիրոսեան» շէնքին մէջ: Այս շաբաթավերջին կը փոխադրուինք Հոլիվուտ, Փոքրիկ Հայաստանի գիրկը, 1203 Նորթ Վերմոնթ (north Vermont), 90029: Այսուհետեւ, սոյն հասցէով կրնաք կապուիլ մեզի, կամ՝ այցելել:
Հայաստանի անկախութեան տօնը Կիրակի ըլլալով, «Ասպարէզ»ի աշխատակազմը պաշտօնապէս արձակուրդի մէջ պէտք է ըլլայ Երկուշաբթի օր: Սակայն, այդ օրը ամէն մարդ իր գործին պիտի ըլլայ՝ սահուն փոխադրութիւն ապահովելու համար եւ ձեզի հետ դարձեալ հանդիպելու՝ Չորեքշաբթի օր, մեր նոր կեդրոնէն:
«Ասպարէզ»ի հեռաձայնային թիւերը կը մնան նոյնը՝ ցնոր տնօրինութիւն: