«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Պոլսոյ մէջ հրատարակուող «Ակօս» օրաթերթին անունը յայտնի է արդէն ոչ միայն հայկական, այլեւ՝ միջազգային հասարակութեան: Խօսքի ազատութեան նահատակ դարձած Հրանդ Տինքի հրատարակած թերթը կը շարունակէ իր անկաշկանդ արտայայտութիւնները խրախուսող աւանդը: Ստորեւ հրատարակուող այս գրութիւնը ապացոյց մըն է այդ հաստատումին:
Երբ բարին եւ բարեացակամութիւնը այսքա՛ն համատարած է, ո՛չ ոք պիտի ուզէ լսել խորթ ու խոտոր ձայներ:
Սակայն անդին սատանայ մը կայ, որ կը պաղատի «Ես ալ ձայն կ’ուզեմ, զիս ալ լսեցէք», ըսելով:
Թոյլ տուէք մենք ու մերոնք լսենք անբաղձալին:
Բարոյական աղքատութինը կը սկսի սրբութիւնները ոտնակոխելով:
Բոլորին յայտնի է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հակադրութիւնը:
Բոլորին յայտնի է Հայերու եւ Թուրքերու հակամարտութիւնը:
Բոլորին յայտնի է սահմանակից պետութիւններու համար հաց ու ջուրի չափ կենսականը՝ խաղաղութինը:
Բոլորին յայտնի են նաեւ անճարակ քաղաքագէտներու, իրենց իսկ ձեռքով վնասածը փրկելու համար օգտագործած միջոցները:
Գաղտնիք չէ, որ շատեր չեն հանդուրժեր անգամ Հայաստան երկրի գոյութեան:
Եւ եթէ գտնեն այն ուժը, չեն վարանիր իրենց ցեղապաշտ նպատակներու ճամբուն վրայ արգելք հանդիսացող այդ երկիրը չէզոքացնելու:
Գաղտնիք չէ որ շատեր ալ կը ձայնակցին յայտնի ռուս ցեղապաշտ Ժիրինովսքիի խորհուրդին՝ «Եթէ թուրքերը չըլլան, բան մը չի պակսիր աշխարհէն»:
Սակայն երազները չեն, որոնք կեանք պիտի ստանան, այլ ներկայ եւ առկայ իրականութիւնները, որոնք կարիք ունին մեր մտքին եւ ողջամտութեան:
Այսօր, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններու մէջ կան քաղաքագէտներ, որոնք այս միտքով կը գործեն:
Իրենց մտքի շնորհքն էր, որ օգտուեցաւ ՖԻՖԱի վիճակահանութեան ընձեռած առիթէն եւ ֆութպոլի մրցումը շահագործեց իբրեւ երկխօսութեան գետին:
Դիւանագիտական շատ յաջող ռազմավարութիւն մըն էր, որ կատարեց Հայաստանի հանրապետութեան նախագահը, իր թուրք պաշտօնակիցը հրաւիրելով մրցումը միասին դիտելու:
Քաղաքագիտական շատ արի կեցուածք մըն էր, որ իրականացուց Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահը, իր հայ պաշտօնակիցին հրաւէրին ընթացք տալով:
Բոլորիս յստակ է այս կերպով գոյացած համակրանքը երկու՝ մէկը միւսին նկատմամբ հակադրուած ժողովուրդներու միջեւ:
Այս հանգրուանին վրայ մէկը միւսին փայփայող արարքներն ալ պիտանի են: «Ժեսթ» կը կոչուին այդ արարքները, որոնք կ’ունենան շինիչ արձագանգ:
Սակայն բարոյական աղքատութիւն է սրբութիւններ զիջելով՝ «ժեսթ» ընել:
Արարատը հայ ժողովուրդի գլխաւոր սրբութիւնը դարձած է, «Սուրբ Խաչի», «Սրբուհի Մարիամի» ու այլ բոլոր հաւատքի սուրբերու կարգին:
Թուրքը կրնայ միամտօրէն կամ չարամտօրէն առարկութիւն ունենալ հայուն այս սրբութեան հանդէպ, պատճառաբանելով, որ Արարատը իր հողային տարածքին կը պատկանի: Թուրքը կրնայ նոյնիսկ տէմակօժիի դիմել, ըսելով, որ՝ «Հայերը դեռ կը յամառին մեր Աղրը լեռը Արարատ կոչելու»: Թուրքը կրնայ: Իսկ հայը պէտք է գիտակցի իր սրբութեան իմաստին, եւ հաճելի թուելու միտումով պէտք չէ հրաժարի Արարատի կերպարէն:
Մրցումի նախօրեակին Արարատի իմաստէն հրաժարիլ, կամ Եղեռնի յուշարձանի լուսարձակները անջատելը միայն մէկ նշանակութիւն ունի՝ զոհել սրբութիւնները:
Սրբութիւններու ոտնակոխումով «ժեսթ» կրնա՞յ գոյանալ: Եւ եթէ կարծուի, թէ կը գոյանայ, կու գանք հարցնելու յաջորդ հարցումը: Ի՞նչ կ’արժէ այն «ժեսթ»ը, եթէ պիտի խորտակէ ազգի մը արժանապատուութիւնը:
Սատանան ըսաւ. «Դուք նկատի մի՛ առնէք, մի՛ խանգարէք ձեր ուրախութիւնը»:
(«ԱԿՕՍ», 12 Սեպտեմբեր 2008)