Մենք՝ թերթի աշխատողներս արագ, մակերեսային, յաճախ ո՛չ ամբողջական տեղեկութիւններ փոխանցելով՝ պարտաւոր ենք բաւարարուելու: Ընթերցողները, մեզի պէս, իրենք ալ բազմազբաղ, աւելին պահանջելու իրենց ակնկալութիւնը ցոյց չեն տար, կամ աւելի ճիշդը, իրենց այդ պահանջքը գիրքերու եւ հանդէսներու մէջ կը փնտռեն՝ այլ ոչ լրագրի:
Իւրաքանչիւր նիւթ, որ կը ներկայացուի, այստեղ կամ որեւէ բեմէ, հանդէսէ, լրագրէ, նոյնիսկ գիրքէ, աւելի ամբողջական, աւելի խոր, աւելի բազմակողմանի քննարկման եւ ներկայացման տեղ կ’ունենայ՝ անպայման:
Մեր այսօրուան թիւով ուզեցինք ձեզի ներկայացնել Մուսա Լերան հերոսամարտի պատմութիւնը, ականատեսի մը վկայութեամբ: Ուզեցինք ձեզի ներկայացնել այս վկայութեան բնագիրը այնպէս, ինչպէս լոյս տեսած էր իննսուն տարի առաջ, «Ասպարէզ»ի էջերէն, սկսեալ 1916 Հոկտեմբեր 27էն, վեց յաջորդական շաբաթներու թիւերով:
Այս յօդուածին մասին մեզ յուշած էր Մուսա Լերան եւ մուսալեռցիներու պատմութեան մասնագէտ դոկտ. Վահրամ Շեմմասեանը: Այս պատամաբանը, իր պսակը շահած է ուսումնասիրելով անթիւ ու անհամար արխիւներ: Վերջին մեր հանդիպումին այստեղ՝ «Ասպարէզ»ի խմբագրատուն, պատասխանելով հարցումիս՝ ան սկսաւ թուարկելու այն վայրերը, ուր այցելած է՝ այս նիւթի մասին արխիւները գտնելու, ուսումնասիրելու, կամ պատճեններ ապահովելով՝ հետագայ ուսումնասիրութեանց համար պատրաստուելու:
Թուե՞մ գոնէ այն ինչ, զոր կը յիշեմ (լրագրական աճապարանքս կը մեղադրեմ՝ ամբողջական ցուցակը չունենալուս համար, բայց եթէ նոյնիսկ ունենայի, հաւանաբար ձեզ այնքան ալ չշահագրգռէր): Պոսթըն՝ Դաշնակցութեան եւ Հայ օգնութեան միութեան, արխիւները, Ֆրանսա՝ ՀԲԸՄի Նուպարեան գրադարան, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւն, Քէ Տորսէի արխիւները, Նիւ Եորք՝ դարձեալ «Բարեգործական»ի արխիւները, Իտալիա՝ Վատիկան, Կաթողիկէ եկեղեցւոյ արխիւը եւ արտաքին գործոց նախարարութիւն, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան արխիւները եւ գրադարանը, Գերմանիա՝ արտաքին գործոց նախարարութիւն, Լիբանան՝ Կիլիկիեան կաթողիկոսութեան արխիւը, Այնճարի քաղաքապետարանի արխիւը, ինչպէս նաեւ Զահլէի շրջանային արխիւը, Հայաստան՝ Ցեղասպանութեան թանգարանի եւ Մուսա Լերան յուշարձանի մօտ գտնուող թանգարանի արխիւը, Լոնտոն՝ Միջին Արեւելքի աւետարանական առաքելութեան արխիւները եւ այլն, եւ այլն:
Նիւթեր, նիւթեր, հազարաւոր էջերով, ասիկա հաւաքուածն է, տակաւին կայ ահագին, որ կը մնայ տարտղնուած, եւ որ պէտք է հաւաքուի, ամփոփուի, ուսումնասիրուի: Կը յոխորտանք, որ Ցեղասպանութեան թանգարան ունինք, ունինք նաեւ պատմութեան ու հայագիտութեան ամպիոններ, այո՛, որոնք ո՛չ կրնան հովանաւորել մասնագէտներուն, ո՛չ ալ կրնան օգնել մասնագէտներու պատրաստման գործին, ալ ո՞ւր մնաց՝ անոնց աշխատանքներու հրատարակութեան:
Այսպիսի պարագաներու, առաջին հակազդեցութիւնս կ’ըլլայ զգաստանալ, համեստանալ, նոյնիսկ խեղճանալ եւ անցնիլ յաջորդ քայլին, պաշտպանութեան, ինքնապաշտպանութեան, որուն համար օգտագործելի միակ զէնքս կոչն է ազգին, բարերարներուն, պատասխանատուներուն, խնդրելով, առաջարկելով եւ յիշեցնելով, որ հարկաւոր է լուրջի առնել այսպիսի գործեր, միջոցներ ստեղծել անոնց համար, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ գիտականօրէն, ամբողջականօրէն պատասխաններ տալ մեր ազգի տարբեր խնդիրներուն, բայց անոնց շարքին նաեւ՝ ամէնէն կարեւորներուն, որոնք այժմէական են ու պիտի մնան:
Շնորհակալութիւն Վահրամին: Ուժ եւ կորով բոլոր հայագէտներուն, հայագիտութեամբ զբաղողներուն, հայոց պատմութեան նորելուկ ու վաստակաւոր մասնագէտներուն:
Վարձքերնիդ կատար, ու ես՝ կոչ կ’ուղղեմ…