ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աւստրալիա բնակութիւն հաստատած Հայաստանի արհեստավարժ բռնցքամարտիկ, մինչեւ 52 քկ քաշային կարգի միջազգային դաշնակցային վարկածով աշխարհի ախոյեան Վախթանգ Դարչինեանը երէկ խոստացաւ «նաքաութ»ի ենթարկել բռնցքամարտի համաշխարհային դաշնակցութեան վարկածով աշխարհի ախոյեան, ամերիկացի Քրիստիան Միխալեսին, աշխարհի միացեալ ախոյեանի տիտղոսին համար կատարուելիք մրցամարտի ընթացքին, ապա՝ «նաքաութ»ով յաղթել նաեւ ֆիլիփինցի Նոնիէօ Տոներին, որ արհեստավարժ մրցայարդակին վրայ Վ. Դարչինեանին միակ յաղթողը եղած է: