Քաղաքականութիւնը կեղտո՛տ բան է: Քաղաքականութեամբ զբաղողները, ամէնէն ազնիւ նպատակներու համար պարտաւոր են, կրնան այդ կազմաւորումը ունեցած կամ զարգացուցած՝ ամէն տեսակի արդարացումներ, հիմնաւորումներ, առարկութիւններ առաջադրել, հրապարակել, վկայակոչել՝ իրենց գործողութիւնները բացատրելու համար:
Թուրքիոյ նախագահը Երեւան կու գայ:
Քաղաքական մարդու կողմէ քայլ մըն է, որ որքան ալ փորձենք, չենք կրնար դատարկել իր քաղաքական բովանդակութենէն:
Ուրեմն, անիմաստ է Ապտուլլահ Կիւլի այս այցելութիւնը պարզապէս մարզական իրադարձութեան մը ներկայ ըլլալու մեկնաբանութեամբ ամփոփելը:
Թուրքիոյ պատմութիւնը նենգափոխող, Ցեղասպանութիւնը ուրացող, իմ պապենական հողերը բռնագրաւուած պահող իշխանութեան ղեկավարը կը հասնի իմ սիրտ, իմ հոգի Երեւան, իր դրած պայմաններով, իր պարտադրած արարողակարգով:
Քաղաքականութիւնը դաժա՛ն խաղ է:
Ամբողջ ժողովուրդ մը, յանուն քաղաքականութեան թէ յանուն քաղաքավարութեան, պարտաւոր է սեղմել ակռաները, պարտաւոր է համակերպիլ ու բաւարարուիլ խորհրդանշական ցոյցով, բողոքի խորհրդանշական արտայայտութիւններով:
Ես քաղաքականութիւն չեմ ուզեր խաղալ: Այսօր, այս ֆութպոլի խաղին առթիւ Թուրքիոյ նախագահին այս ձեւով Երեւան գալը ես կ’ընդունիմ իբրեւ անձնական խորագոյն վիրաւորանք, իմ վերապրած մեծ հօր ջարդուած ընտանիքի անդամներու անյայտ գերեզմաններուն վրայ՝ նետուած անարգանք:
Ես չեմ ընդունիր այս քաղաքականութիւնը, իր այս ձեւով:
Կը բողոքեմ այս այցելութեան դէմ, եւ հոգիով կը կանգնիմ Ծիծեռնակաբերդին առջեւ, արժանապատուութեամբ ու յարգանքով վառած ջահեր կրող Դաշնակցական երիտասարդներուն կողքին: