Հալէպ:
Հինաւուրց քաղաք, որուն անուանման շուրջ առասպելը կ’ըսէ, թէ հայր Աբրահամը հոն կաթ ծախած է։
Հալէպ:
Պատմական քաղաք, որուն անունը մետաքսի ճամբուն վրայ գլխաւոր ներկայութիւն եղած է։
Հալէպ:
Արեւմտահայաստանէն դէպի Հալէպ երկարող սեւ կարաւաններ, մահուան կարաւաններ, մնացորդաց կարաւաններ ու հայու բեկորներ։ Հալէպի նեղ ու ծուռլիկ թաղերու մէջ ցրուած մանուկներ, ծերեր, կիներ, «գամբեր» շինող դողդոջուն ձեռքեր։
Հալէպ:
«Երազային Հալէպ»ը Ծառուկեանի եւ Հալէպի հողին վրայ ապրած ու աշխարհացրիւ դարձած շատ մը մտաւորականներու յուշերուն շտեմարանը։
Հալէպ:
Կայուն հայկական գաղութ, իր եկեղեցիներով, միութիւններով, վարժարաններով, ճեմարաններով, զիրար խաչաձեւող ձեռնարկներով։
Եւ վերջապէս «Բարեւ Հալէպ»…
Գէորգ Պետիկեանի հեղինակութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան հրատակութիւնը։ 208 էջերու վրայ տարածուած յիշատակարան մը, մերթ ցնծութեամբ, մերթ յուզմունքի, տաքուկ յիշատակներու, դէպքերու միատեղուած, խայտաբղէտ հաւաքածոյ։
Գիրքը լոյս տեսաւ վերջերս, (2008 թուականի Մարտի աւարտին) բայց կը կրէ 2007 տարեթիւը։ Այս հատորին մեկենասներն են Տիկ. Շաքէ Մանկասարեան եւ Պրն. Մարք Կրոկան ամոլը։ Պէտք է ըսել, որ ուրախալի երեւոյթ է, երբ հայ կինը իր օտար ամուսինը կը մղէ խրախուսել, սիրել հայ մշակոյթը։ Շաքէն Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի մէջ եղած է Պրն. Պետիկեանի աշակերտուհին. ու գաղթական սփիւքահայի պատկերով, գիրքը կը հեղինակուի Ամերիկայի մէջ, կը փոխանցուի Հալէպ տպագրութեան, հրատարակման, իսկ անոր մեկենասութեան նախաձեռնութիւը կը կատարուի Տուպէյէն։
Գէորգ Պետիկեան ուսուցիչը, մտաւորականը, կրթական մշակը ու գրողը կը պատկանի հալէպահայերու այն փաղանգին, որ երկար տարիներ թէեւ մարմնով հեռու, բայց մտքով, սրտով առնչուած մնաց իր պատանեկութեան ու երիտասարդութեան շրջանի արմատները սնող միջավայրին՝ ծննդավայրին, պատմական քաղաքին, ուր ուժգնօրէն կը բաբախէր հայկականութիւն բուրող ոգին։
Այս հատորը կը պարունակէ 21 արձակ կտորներ եւ 4 բանաստեղծութիւններ: Ամփոփ ծաղկաքաղ ընելով կը նկատենք.
Գիրքը կը բացուի «Բարեւ Հալէպ» պատմուածքով, ուր յուշեր, զեղուն զգացումներ, մտերմիկ պահեր կը տողանցեն։ Հեղինակը չորս տասնամեակներ բոլորելէ ետք կը վերադառնայ ծննդավայր, ուր հինն ու նորը կը գրկախառնուին, անոնց ընդմէջէն կը հոսի կարօտը, գոհունակութիւնը. բայց ափսոս, վերջապէս կու գայ անխուսափելի վերադարձը ու աւարտին՝ «Այսպէս, երբ կրկին անգամ գիշերները կը սկսին արագօրէն մաշիլ, միայն քանի մը բառեր կրնամ արտասանել՝ հասցէագրուած ծննդավայրիս..
Ցտեսութիւն Հալէպ
Մինչեւ նոր հանդիպում». . .
«Վերամուտը» յաջորդ պատմուածքն է, ուր կը գտնենք հեղինակին մանկութեան ժամանակաշրջանի, Հալէպի դպրոցական վերամուտի, կենցաղի հարազատ պատկերները։
«Բազմադրացութեամբ, նոյն բակին մէջ, տարիներով եօթը դրացիներու ներկայութեան մեր կեանքը, որոշ եւ լռելեան համաձայնուած, անգիր շատ մը օրէնքներ դասաւորած էր»։
«Վերադարձը» գիրքի առաջին պատմուածքին հետ կապուած է, կը թուի անկէ մաս մը ըլլալ, հեղինակը կը նկարագրէ ծննդավայր վերադառնալու տենդագին պատրաստութիւնը։
«Անհատնում յուշերով լեցուն դէպի այդ հնածին քաղաքը մեկնումս, ամէն օր սկսած էր կեանքի կոչել սառած ու մոռցուած դէմքեր ու դէպքեր, եւ որոնք լեզու առնելով, թարմ կարօտով մը կ’օծէին հոգիս»։
«Բաժանումը» մեզ կը տանի դէպի առաջին պատմուածքին մէջ (որպէս տասնամիակներ առաջ) նշուած թուականը, մեկնումի, բաժանումի սեմին կանգնած մատղաշ երիտասարդի մը զգացումները, տխրութիւնը: «Մեծ սէրս», «Անոր», «Անմեղ գողերը», «Երազս» բանաստեղծութիւնները, որոնք տեղ գտած են գիրքին մէջ, ունին զգացական բնոյթ, յատկապէս երազը քնքուշ յուզականութեամբ կը խրովէ հեղինակի հոգին. բայց ինչ խօսք, Պետիկեանի արձակը աւելի սրտմօտիկ է ու անմիջական (անձնական կարծիք)։
Յուշերը կը շարունակեն օրօրել ու պարուրել հեղինակը, ան գիրքի այս բաժնէն սկսեալ կ’անցնի Ամերիկա, հիւսելով իր առօրեան։
«Վանա անուշիկ թոռնուհիս», մեծ հօր անխառն զգացումներն ու սրտբաց մաղթանքներն են, ընտանիքի առաջին թոռնիկով բախտաւորուելու սեմին։
«Մեր Դաւիթը ու ձեր ՌաՖՖին» պատմուածքը եղբայրական հարազատութիւն բուրող գրութիւն է, սիրելիի անակնկալ կորուստին յանդիման հետեւեալ ազդեցիկ արտայայտութեամբ. «Այո՛, մահը կար եւ հասկնալի էր, բայց ամէնէն սարսափելին ու անհանդուրժելին՝ եղբօրս յաւիտենական բացակայութիւնն էր, որուն չէի կրնար համոզուիլ»։
«Կրակը» յիշատակներու այս շարքի կողքին խորհրդածական պահ է կրակի առջեւ, անոր ճարճատող, ապա մարող բոցերը դիտելով։
«Իրականութիւնը» ամերիկահայ ծնողներու առօրեայ մտահոգութիւնն է, անոնց յաջորդող սերունդին հայ մնալու հարցականը։ Ընտանեկան հաւաքներ ու հայապահպանման համար գործադրուած միջոցներ, թափուած ճիգեր, ու աւարտին՝ «Անոր համար, երբեմն նոյնիսկ եղեռն ու սպանդ տեսած ծնողքիս, գաղտնօրէն ու լուռ՝ սկսած եմ նախանձիլ»։
«Անուշս ծախում եմ» երգիծական երանգով պատմուած դէպք մը, որ լուսարձակի տակ կը դնէ Ամերիկայէն տոլար կորզելու, մարդոց բարի զգացումները շահագործելու կարգ մը անյագ հայրենաբնակ անձերու վարքը։
«Նշանտուք, կօշիկ, եւ այլն»՝ զուարճալի դէպքի մը ընդմէջէն ընտանեկան ու ամերիկեան կեանքի գողտրիկ պատկեր։
«Հայը եւ մտաւորականը»՝ խոկումներ հայ մտաւորական իսկական դէմքի մասին։
«Գրել» վերնագրի իմաստը հիմնաւորող, գրելու մասին մանրամասն տեղեկութիւններ։
«Տեսակցութիւն մը»՝ հեղինակը իր անձին հետ հաշուի նստած կ’արծարծէ կարեւոր հարցեր, որոնց մասին ուրիշներ չեն կամենար արտայայտուիլ. . .
«Բարեկամս Պրն. Պարգեւ», «Հայ եմ ու Տէր Հօր թոռնիկ..», «Առաջին պատարագս», «Անմեղ կատակը», «Տէր ողորմեան ըրի՞ն». . . Սուր երգիծանքով յագեցած ու հետաքրքրական մատուցմամբ ծիծաղաշարժ դէպքեր ու դէմքեր, դրուագներ, որոնց ընթերցումը Ամերիկան ու հեղինակին առօրեան կը մէկտեղէ՝ շեշտելով անոր ազգային պատկանելիութիւնը:
«Գրիգոր Նարեկացի»ն ներբող է Սուրբին ու մեծ բանաստեղծին մասին։
«Սրտի խօսք՝ Ազգ. Հայկազեան Վարժարանիս» մէջ հեղինակը երախրագիտութեամբ, յոյզերով, երկիւղածութեամբ կանգ կ’առնէ առաջին մտքի օրրան՝ նախակրթարանի առջեւ յիշատակները թերթելով։
«Ինքն էր, որ մեզի տուաւ մեր մշակոյթը ձեռք ձգելու բոլոր գաղտնի բանալիները»: Գիրքը կը փակուի «Բացականերէն մէկը» խօսքով՝ վաստակաշատ ուսուցչուհի Էօժէնի Պետրոսեանի մահուան առթիւ գրուած դամբանականով։
Աւարտին պարտք է յիշել, որ սոյն հատորը Պետիկեան նուիրած է իր մեծ եղբօր Դաւիթ-ՌաՖՖի Պետիկեանի յիշատակին, կողքի ձեւայղացքը կը պատկանի Գուրգէն Գասապեանի՝ Հալէպ քաղաքը խորհրդանշող նշանաւոր բերդի լուսանկարով։
Շնորհակալութիւն այս գիրքի հրատարակման օժանդակող անձերուն։ Խորին շնորհակալութիւն եւ շնորհաւորութիւններ նոր երկունքի առթիւ, սիրելի ուսուցիչ Պրն. Պետիկեանին, որ անգամ մը եւս սփիւռքեան գորշ մթնոլորտը աշխուժացուց իր «Բարեւ Հալէպ»ով։
Հալէպ