«Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ, բոլոր այն ազգայիններուն, որոնք ինքնաբուխօրէն, կամ ընդառաջելով մեր դիմումին, հարիւր տոլարով մասնակցեցան թերթի հարիւրամեայ տարեդարձին առիթով յայտարարուած հանգանակային արշաւին:
Ծանօթ ու անծանօթ անուններ, այսպէս, կողք կողքի, մեր ընթեցողներու ուշադրութեան յանձնելու հաճելի պարտականութիւնը ունինք այսօր:
Յայտարարուած արշաւին ցուցաբերուած ընդունելութիւնը մեզ կը խանդավառէ: Կ’ափսոսանք, որ մեր կազմակերպչական թերութեան պատճառաւ, անկարող եղանք հասնելու աւելի լայն շրջանակի, մարդոց, որոնք հաստատապէս պիտի ուզէին միանալ արշաւին, որոնց հետ մենք պարզապէս չկրցանք կապուիլ, որոնցմէ մաս մը հաւանաբար իր գումարը նամակատան միջոցաւ մեզի փոխանցելու ընթացքի մէջ է արդէն, կամ պարզապէս քաղաքէն դուրս, կամ արձակուրդի մէջ ըլլալով՝ չէ կրցած կատարել իր «հոգու պարտքը»:
Արշաւը պիտի շարունակենք: Չմոռնանք, որ իւրաքանչիւր թիւ այս տարուան ամբողջ ընթացքին հարիւր տարեկան հրատարակութիւն պիտի ըլլայ: Մենք պիտի շարունակենք հրատարակել ձեր շնորհաւորանքները, կարճ թէ երկար: Պարտաւորուած մի ըլլաք գումար ուղարկելու: Ուղարկեցէ՛ք ձեր երկտող շնորհաւորական ուղերձը: Մենք կ’ուզենք, կը փափաքինք, որ այս տարուան ընթացքին «Ասպարէզ»ի էջերուն մէջ տեղ գտնէ ձեզմէ իւրաքանչիւրին անունը, արձանագրուի այնտեղ, մաս դառնայ մեր կեանքին, մեր աշխատանքին:
Մենք Ձեզ կը վստահեցնենք, որ ձեր այս խանդավառութիւնը մեզ կը պարտաւորեցնէ առաւել պատասխանատուութեամբ վերաբերելու ձեր առջեւ, ձեր սեղանին ամէն օր լաւ թերթ մը դնելու, որպէսզի մեր անունն ալ՝ «Ասպարէզ»ի անունը, անպակաս ըլլայ ձեր կեանքէն, ձեր առօրեայէն:
Կը հանդիպինք վաղը՝ նոր հարիւրամեակի մեր առաջին թիւով: