Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի անցեալ Շաբաթ օր, 2009ի ընտրութիւններուն լիբանանահայութեան կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով ըսաւ, որ «Մենք մոռացկոտ ապերախտներ չենք, եւ թիկունքէն չենք հարուածեր անոր, որ մեր իրաւազրկումին դէմ էր նոյնիսկ այն պահուն, երբ մեր դաշնակիցը չէր: Զօր. Աունի հետ յաջողեցանք 2005ին եւ 2007ին, եւ նոյնը պիտի ընենք 2009ին»:
«Դաշնակցութիւնը բարձր կը գնահատէ հայ համայնքի իրաւունքներուն թիկունք կանգնած զօր. Աունի կեցուածքը, որ լաւագոյնս արտայայտուեցաւ Տոհայի ժողովներուն ընթացքին», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի՝ յիշեցնելով, որ «Դաշնակցութիւնը նոյն ատեն աւելի քան 40 տարիէ դաշնակիցն է նախկին փոխվարչապետ Միշել Մըրի, եւ հաւատարիմ պիտի մնայ իր յանձնառութեան՝ քուէարկելու Մըրի կամ Մեթնի յոյն ուղղափառներու աթոռին համար Մըրի կողմէ առաջադրուող ոեւէ թեկնածուի»:
Երեսփոխան Բագրատունի այս յայտարարութիւնները կատարեց Ժըտէյտէի մէջ՝ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կազմակերպած մէկ հաւաքին ընթացքին: