«ԱՍՊԱՐԷԶ».- ԱՐՓԱ հիմնարկութիւնը ե՞րբ, ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ հիմնուեցաւ։ Հիմնական նպատակները։ Հիմնադիր անդամներու մասին ըստ հնարաւորի տեղեկութիւններ, իրենց մասնագիտութիւնը, ներդրումը այլ ոլորտներու մէջ՝ ազգային։
ԴՈԿՏՈՐ ՅԱԿՈԲ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- ԱՐՓԱ Հիմնարկը հիմնուած է1992ին որպէս ոչ-շահութային ձեռնարկ հասարակական եւ բարեգործական նպատակներ հետապնդելու համար։ ԱՐՓԱի նպատակն է ապահովել տեխնիկական փորձագիտութիւն եւ մասնագիտական օգնութիւն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն, տնտեսական, հասարակական, ինչպէս նաեւ մարդկութեան զարգացման ոլորտներուն մէջ։ ԱՐՓԱն կազմակերպութիւն է՝ համաձայն Ներքին եկամտային օրէնսգիրքի 501(c) (3) յօդուածին։ ԱՐՓԱի աշխատանքի ոլորտը կը կազմեն՝ ա. կատարել մասնագիտական ուսումնասիրութիւններ, հետազօտութիւններ եւ ծրագրաւորում, լաւագոյն միջոցներով օգնելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան, բ. կազմակերպել խորհրդատուական եւ գիտական միջոցառումներ՝ ՀՀ կառավարութեան եւ կրթական հաստատութիւններուն սատարելու նպատակով։
ԱՐՓԱի հիմնադիր անդամներէն կարելի է յիշել՝ Յակոբ Փանոսեան՝ գլխաւոր հիմնադիր եւ նախագահ, Չիւան Թապիպեան՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ԵԱՀԽի եւ Աւստրիոյ նախկին դեսպան, դոկտոր Ստեփան Սիմոնեան՝ Նորթրոփ-Կրամմըն ընկերութեան գիտաշխատող, դոկտոր Վարդգէս Պրուսալեան՝ նախկին փրոֆեսոր եւ տնտեսագէտ, որ ամիսներ շարունակ ծառայեց իբրեւ ՀՀ Տնտեսական Նախարարի խորհրդական, պրն. Մարք Չէնեան՝ ֆինանսներու գծով մասնագէտ, պրն. Հ. Աւետիս Տեմիրճեան՝ նաւթի ճարտարագէտ, որ ամիսներ շարունակ ծառայեց իբրեւ ՀՀ Էներգեդիկայի Նախարարութեան խորհրդական, պրն. Պետրոս Ղազարեան՝ փաստաբան, դոկտոր Ճոզէֆ Քէշիշեան՝ քաղաքական գիտութիւններու դոկտոր, եւ Պրն. Սերոբ Տէր Պօղոսեան՝ Փոխադրական հարցերու մասնագէտ, որ ծառայած է իբրեւ Երեւանի քաղաքապետութեան խորհրդական։
Ներկայ Վարչութեան անդամներն են՝ դոկտոր Հրայր Այնթապլեան, ատամնաբոյժ բժիշկ Մհեր Պապեան, պրն. Հարոլտ Աւետիս Տեմիրճեան՝ գանձապահ, պրն. Սերոբ Տէր Պօղոսեան՝ Հայաստանի մէջ ԱՐՓԱի փոխ-նախագահ, դոկտոր Ատրին Ղարախանի՝ ԱՄՆի մէջ փոխ-նախագահ, Պրն. Գաբրիէլ Ինճէճիկեան, Պրն. Րաֆֆի Քենտիրճեան՝ գանձապահ, դոկտոր Փոլ Նարկիզեան, դոկտոր Գագիկ Մելիքեան, դոկտոր Պիաթրիսա Պոյաճեան, դոկտոր Վարազ Շահմիրեան, տիկ. Ալիս Րունկէ, դոկտոր Մատլէն Թաշճեան՝ Հայաստանի մէջ գործավար-տնօրէն, դոկտոր Վաչէ Որբերեան, եւ դոկտոր Յակոբ Փանոսեան՝ ԱՐՓԱի Նախագահ։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ներկայիս ի՞նչ ծրագիրներ ունիք, կը հետապնդէք՝ այստեղ եւ Հայաստանի մէջ։
ԴՈԿՏՈՐ ՅԱԿՈԲ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Կազմակերպած ենք գիտաժողով «Թափօններու Կառավարման» մասին, որու ընթացքին պրն. Արա Գասպարեան, Լոս Անճելըս քաղաքի բնապահպանութեան գրասենեակի տնօրէն, եւ Վարուժ Ապքեան, Լոս Անճելըսի Թափօններու կառավարման տնօրէն, պիտի ներկայացնեն թափօններու կառավարման ամենէն վերջին կիրառական փորձերն ու արհեստագիտութիւնը։ Գիտաժողովին՝ իրենց զեկոյցներով պիտի մասնակցին նաեւ ՄԱԿէն, Եւրոխորհուրդէն եւ Հայաստանէն գիտնականներ։ Մեր երկրորդ ձեռնարկն է՝ «նորարարութեան մրցում» Հայաստանի բոլոր համալսարանական ուսանողներու համար։ Այս ձեռնարկը պիտի կրկնուի ամէն տարի, նպատակ ունենալով քաջալերել Հայաստանի երիտասարդութիւնը որպէսզի ՀՀ տնտեսութեան զարգացման իրենց նպաստը բերեն նորարարութիւններով եւ նոր գիւտերով ։ Արդէն իսկ ստացած ենք ինն գիւտեր, որոնք արժեւորուեցան ՀՀ կարգ մը գիտնականներու եւ մեր մասնագէտներու կողմէ։ Առաջին տեղը գրաւողին $2,000, երկրորդին՝ $1,000, երրորդին՝ $600, իսկ չորրորդին՝ $400 գումարի մրցանակներ նշանակուեցան, որոնք շահողներուն պիտի յանձնուին Սեպտեմբեր ամսուան մէջ յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Երեւանի մէջ։ Այն բարերարները, որոնք նուիրած են սոյն մրցանակները, պիտի յիշատակուին մամուլով, ինչպէս նաեւ հանդիսութեան ժամանակ։
Նաեւ, գրեթէ ամէն ամիս, ԱՐՓԱն դասախօսութիւններ կը կազմակերպէ զանազան նիւթերու շուրջ, առ հասարակ Հայաստանի եւ հայութեան հետ կապուած հարցերու մասին։ Դասախօսութիւնները տեղի կ՚ունենան Մերտինեան վարժարանի սրահին մէջ, Շըրմըն Օքս, Քալիֆորնիա, շնորհիւ վարժարանի տնօրէնութեան եւ հոգաբարձութեան ցուցաբերած հիւրընկալ ու ազնիւ վերաբերմունքին։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ձեր ցարդ իրագործած ծրագիրներուն արդիւնքները ինչպէ՞ս կը գնահատէք. ծխամոլութեան դէմ արշաւ, կրթական-դաստիարակչական ծրագիրներ Հայաստանի մէջ։
ԴՈԿՏՈՐ ՅԱԿՈԲ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Մեր նախկին ձեռնարկներէն է «Սարգօ Թիլքեան Արեան Կեդրոն»ը, որ տաս տարիէ ի վեր կը գործէ Երեւանի Էրեբունի հիւանդանոցին մէջ, տրամադրելով արեան քննարկման եւ ստուգման վերաբերեալ ծառայութիւններ, ամէնէն արդիական միջոցներով։ Կեդրոնը նաեւ կ՚օգտագործուի նոր մասնագէտներ պատրաստելու նպատակով։ ԱՐՓԱ Հիմնարկի Արեան մասնագէտ՝ Տիկ. Ալիս Րունկէի ջանքերով, որուն հմուտ ղեկավարութեամբ ծրագրուեցաւ եւ աշխատանքի սկսաւ վերոյիշեալ կեդրոնը, «Կլոպալ Հիլինկ» կազմակերպութեան հետ եւ անոր ֆինանսաւորմամբ հաստատուեցաւ նոր արեան կեդրոն մը եւս, Գիւմրի քաղաքին մէջ։
Երկրորդ կարեւոր ձեռնարկը՝ ԱՐՓԱի «Առողջ Ապրելակերպ եւ Կեանքի Ոճ» դաստիարակչական դասընթացքն է, որ դարձեալ կ’իրագործուի տաս տարիէ ի վեր Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, վերջինս՝ 2006էն իվեր։ Հայաստանի շուրջ վաթսուն դպրոցներու աւելի քան16000 եօթերորդ եւ ութերորդ կարգերու աշակերտները, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ՝ Ստեփանակերտի եւ Շուշիի դպրոցներու աշակերտները հետեւած են ու տակաւին կը շարունակեն հետեւիլ սոյն դասընթացքին։ «Առողջ Ապրելակերպ եւ Կեանքի Ոճ» դասընթացքը աշակերտներուն կը սորվեցնէ առողջ ապրելակերպ եւ առողջ ապրելու միջոցներ, ինչպէս նաեւ ծխելու, ալքոհոլի, իւղալի կերակուրներու, նստակեաց կեանքի անպատեհութիւններն ու հետեւանքները, եւ մարզանքի ու կեանքի եւ մարդոց հանդէպ դրական կացուածքի կարեւորութիւնը։ Արցախի դպրոցներու մէջ դասաւանդութեանց ծախսերը կը հոգան Տէր եւ Տիկին Վարդգէս եւ Ալիս Անիւեանները։
Իր հիմնադրութեան տարիներուն՝ ԱՐՓԱի մասնագէտները զանազան խորհրդատուական եւ մասնագիտական օգնութիւններու կողքին, Հայաստանի զանազան նախարարութիւններու հետ գործակցաբար կազմակերպեցին գիտաժողովներ եւ սեմինարներ՝ տարբեր բնագաւառներու մէջ։
ԱՐՓԱ Հիմնարկի ցարդ կատարած աշխատանքները դրական նպաստ բերած են Հայաստանի տարածքին եւ Արցախի մեր մատաղ սերունդին՝ դաստիարակչական, կրթական, գիտական եւ առողջապահական բնագաւառներու մէջ։
Նաեւ, աջակցած եւ աշխատակցած ենք Հայաստանի տարբեր նախարարութիւններու եւ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու (ԲՈՒՀ), համալսարաններու եւ Հայաստանի գիտութեան ակադեմիայի գիտնականներուն եւ գիտաշխատողներուն հետ։ Իբրեւ օրինակ կարելի է նշել, որ Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարարութիւնը, քաջալերուած ԱՐՓԱի «Առողջ Ապրելակերպ եւ Կեանքի Ոճ» ծրագրի յաջող արդիւնքներէն, նման ծրագիր մը պիտի իրագործէ Հայաստանի ամբողջ տարածքին, դպրոցներու աշակերտութեան դասաւանդելով նոյն տեսակի նիւթեր։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ի՞նչպիսի աջակցութիւն կ՚ակնկալէք Հայաստանի պետութենէն։ Ցարդ ի՞նչպիսի աջակցութիւն ստացած էք Հայաստանի պետական համապատասխան մարմիններէն։
ԴՈԿՏՈՐ ՅԱԿՈԲ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Հայաստանի գրեթէ բոլոր Նախարարութիւններու հետ աշխատակցած ենք եւ ոչ մէկ դժուարութեան հանդիպած ենք։ Կը շարուանկենք գործակցիլ Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարարութեան հետ՝ նորարարութեան մրցումի եւ ԲՈՒՀերու հետ գործակցութեան գծով։ Պայմանագիր ստորագրած ենք Հայաստանի Պետական Ճարտարագիտական Համալսարանին հետ, բնապահպանութեան գծով սերտօրէն գործակցելու նպատակով։ Կ՚աշխատինք նաեւ Երեւանի Պետական Համալսարանի եւ Գիտութեան Ակադեմիաի գիտաշխատողներուն հետ։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Քալիֆորնիահայ համայնքը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել ձեզի։ Ձեր անդամներու կամ համակիրներու-աջակցողներու խարիսխը ընդարձակելու ի՞նչ աշխատանքներ կը տանիք։ Արդիւնաւէ՞տ են այդ աշխատանքները։
ԴՈԿՏՈՐ ՅԱԿՈԲ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Մենք երախտապարտ ենք ամերիկահայ գաղութին ցուցաբերած օգնութեան համար։ Յատկապէս շնորհակալ ենք Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA) ղեկավար մարմնին եւ տնօրէնութեան, իրենց ցուցաբերած բարոյական եւ նիւթական աջակցութեան համար։ Վստահ ենք որ ասկէ ետք ալ պիտի օգտուինք ամերիկահայերու եւ ամերիկահայ կազմակերպութիւններու աջակցութենէն։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ե՞րբ կը ծրագրէք Հայաստան երթալ, եւ անմիջականօրէն ի՞նչ նպատակ իրականացնելու համար։
ԴՈԿՏՈՐ ՅԱԿՈԲ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Մօտ ատենէն, Սեպտեմբերին պիտի մեկնիմ Հայաստան՝ այնտեղ ԱՐՓԱ-ի փոխ-նախագահ պրն. Սերոբ Տէր Պօղոսեանի եւ ընդհանուր գործավար-տնօրէն Դոկ. Մատլէն Թաշճեանի հետ կազմակերպելու համար Սեպտեմբեր 25-26ին տեղի ունենալիք «Թափօններու Կառավարման» գիտաժողովը, ԱՐՓԱի նորարարութեան մրցումի մրցանակաբաշխութեան յատուկ հանդիսութիւնը, ու նաեւ մամլոյ ասուլիս մը՝ յայտարարելու համար յառաջիկայ տարուան նորարարութեան մրցումի բացումը։ Նաեւ տեսակցութիւններ պիտի ունենանք զանազան նախարարներու եւ ԲՈՒՀերու ղեկավարներու հետ, քննարկելու նոր միջոցներ՝ աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու համար մեր աշխատանքները Հայաստանի մէջ։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ի՞նչպիսի աջակցութիւն կ՚ակնկալէք, եւ կամ՝ ցարդ ի՞նչպիսի աջակցութիւն ստացած էք կամ կը ստանաք քալիֆորնիահայ կազմակերպութիւններէ։
ԴՈԿՏՈՐ ՅԱԿՈԲ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Սերտօրէն կը գործակցինք Ամերիկահայ Ճարտարագէտներու եւ Գիտնականներու Ընկերակցութեան հետ, թէ՛ գիտական աշխատանքներու մէջ, եւ թէ միասնաբար դասախօսութիւններ եւ սեմինարներ կազմակերպելով։ Ի միջի այլոց, յիշեմ որ այդ կազմակերպութեան գլխաւոր հիմնադիրը ես եղած եմ։ Զայն հիմնած եմ 1983ին խումբ մը ընկերներու հետ, եւ այս տարի մեծ շուքով պիտի տօնենք ԱՃԳԸի հիմնադրութեան քսանհինգամեակը։
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ձեր մասին անձնական տեղեկութիւններ կը խնդրեմ։ Կրթութիւն, մասնագիտական աշխատանք, հասարակական կեանքին այլ մասնակցութիւն, ներդրում։
ԴՈԿՏՈՐ ՅԱԿՈԲ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնս ստացած եմ Այնճարի Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանին մէջ։ Համալսարանական կրթութիւնս ստացած եմ նախ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ որպէս Պսակաւոր Գիտութեան՝ ուսողութեան մէջ, ապա ստացած եմ Մագիստրոսի վկայական Հարաւային Քարոլայնայի Համալսարանէն՝ կիրառական ուսողութեան մէջ, իսկ դոկտորական վկայականս՝ Քալիֆորնիոյ Համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն, Ճարտարագիտութեան մէջ, մասնագիտանալով համակարգերու կառավարման բնագաւառին մէջ։ Աշխատած եմ իբրեւ գիտաշխատող Թեքստրոն ընկերութեան մէջ վեց տարի, իսկ անկէ ասդին կ՚աշխատիմ Ռաքըտայնի մէջ -այժմ Եունայթըտ Թէքնոլոճիզ ընկերութեան՝ Փրադ անտ Ուիթնիի մէկ բաժինը- գործելով հրթիռային սարքաւորումներու կառավարման սիստեմներու վրայ։
Հեղինակ եմ երկու «փաթենթ»ներու, տատանումներու մարման նոր եղանակ մը հնարած ըլլալով, որ այժմ լայն ընդունելութիւն գտած է եւ կը կոչուի «փարթիքըլ տամբինկ», «տատանումներու մարում մասնիկներով»։ Ամէն տարի կը կազմակերպեմ յատուկ բաժին կամ նստաշրջան մը՝ համաշխարհային Structures, Structural Dynamics and Materials Conference” գիտաժողովին մէջ։ Երէց անդամ եմ Ամերիկեան “Institute of Electrical & Electronics Engineers”ի, եւ Fellow եմ “American Institute of Aeronautics & Astraonautics” կազմակերպութեան։ Հեղինակած եմ աւելի քան եօթանասունհինգ գիտական յօդուածներ զանազան գիտական հանդէսներու, գիտաժողովներու հրատարակութիւններու, եւ գիրքերու մէջ։ Սարքած եմ ամենաբարդ հրթիռային շարժիչի կառավարման ծրագրաւորումը, որ փորձարկուած է եւ պիտի օգտագործուի ապագայ շատ արագընթաց ձայնի արագութենէն տաս անգամ աւելի արագ օդանաւ-հթիռ նորատիպ համակարգերու վրայ։