ՆՈՒԱՔՇՈԹ, Մորիթանիա, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Օգոստոս 7ին, Մորիթանիոյ զինուորական պետերը խոստացան «Ազատ եւ արդար» ընտրութիւններ կազմակերպել «Ամենականուխ առիթով», անտեսելով իշխանութենէն հեռանալու միջազգային համայնքին կոչերը:
Մէկ օր առաջ երկրին մէջ տեղի ունեցաւ զինուորական յեղաշրջում մը, երբ զինուորական տարբեր խումբեր, անցնելով մայրաքաղաք Նուաքշոթէն, պաշարեցին նախագահական պալատը եւ ձերբակալեցին վարչապետն ու նախագահը, որովհետեւ վերջինս նշանակած էր բանակի եւ նախագահական պահակագունդի նոր հրամանատարներ:
Երկուշաբթի օր երկրին իշխող կուսակցութեան անդամ 48 երեսփոխաններ հրաժարեցան կուսակցութենէն եւ յայտարարեցին, որ պիտի կազմեն նոր կուսակցութիւն մը: