ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Բրիտանիոյ վարչապետ Կորտըն Պրաուն Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ Երկուշաբթի, Յուլիս 21ին արտասանած ճառին ընթացքին զգուշացուց Իրանը: Վարչապետը շեշտեց, թէ Իրան պէտք է դադրեցնէ իր հիւլէական գործունէութիւնը, այլապէս յաւելեալ պատժամիջոցներ պիտի դիմագրաւէ։ Ասիկա պատմութեան մէջ առաջին անգամն էր, որ բրիտանացի վարչապետ մը իսրայէլեան խորհրդարանին մէջ խօսք կ’արտասանէր։
Պրաուն նաեւ քննադատեց Իսրայէլի դէմ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի կատարած «զզուելի» յայտարարութիւնները։
Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթ յայտնեց, որ Իսրայէլ մեծապէս կը գնահատէ ահաբեկչութեան եւ իրանեան հիւլէական զինումի հարցով Պրաունի վճռակամութիւնը։
«Միջին Արեւելքի կայունութեան եւ համաշխարհային խաղաղութեան ամէնէն լուրջ վտանգը արմատացած է Թեհրանի մէջ», ըսաւ ան։