Ամրան աշխատիլը դժուար է: Մանաւանդ Օգոստոսին, երբ տոթը, շոգը կամ տաքը այնքան նեղացնող են, որ մարդու միտքը կամայ թէ ակամայ կը դեգերի ծովամերձեան ափեր կամ լեռնային ծառաստաններ՝ հանգստանալու երազային թռիչքներով:
Հասկնալի է, որ եղանակը տոթ ըլլայ թէ սառնամանիք, կեանքը կը շարունակուի, քաղաքական, մշակութային, տնտեսական, գիտական եւ այլ ոլորտներու մէջ իրադարձութիւնները կ’արձանագրուին եւ ուրեմն անհրաժեշտ է շարունակել ընթերցողները տեղեակ պահելու պարտականութիւնը:
Այդպէս եղած է շարունակ «Ասպարէզ»ին համար: Պէտք է խոստովանիլ, սակայն, որ ամրան շրջանին, երբ մանաւանդ հայաստանեան թերթերու ու մամլոյ գործակալութիւններու մէկ կարեւոր մասը արձակուրդի մէջ կ’ըլլայ եւ կր դադրեցնէ իր աշխատանքը, մեր գործը քիչ մը աւելի կը դժուարանայ: Միայն կը դժուարանայ, անկարելի չի դառնար:
Վստահ ենք, օրինակի համար, որ մեր ընթերցողը, նկատած է, թէ արցախեան լրատուութիւնը ահագին պակսած է վերջին օրերուն: Նկատի առնելով մեր առանձնայատուկ ուշադրութիւնը Արցախին, կարելի է եզրակացնել, որ արցախեան լրատուութիւն ապահովող գրեթէ բոլոր աղբիւրները որոշած են միասնաբար արձակուրդի երթալ: Անոնց հետ նաեւ քաղաքական բարձր ղեկավարութիւնը:
Հայաստանի ընդդիմադիրները եւս կարծես կը յարգեն ամառնային արձակուրդային ժամանակացոյցը եւ համապատասխան պարբերականութեամբ կը կազմակերպեն իրենց հաւաքները:
Քաղաքական աշխուժութիւն պիտի ակնկալենք Սեպտեմբերին: Մինչ այդ, կարելի է արդարանալ՝ ըսելով, որ այս ժամանակը կ’օգտագործենք պատրաստութիւն տեսնելու եւ Սեպտեմբերէն ետք աւելի լաւ կատարելու մեր պարտականութիւնը:
Գոնէ ընդդիմադիր մամուլի ներկայացուցիչ «Ժամանակ»ը այդպէս կը բացատրէ իր ժամանակաւոր դադրեցումը: Այդ թերթի խմբագրութիւնը այսպիսի յայտարարութեամբ ներկայացած է իր ընթերցողներուն.
«Խմբագրութիւնը տեխնիկական վերազինման եւ այլ նիւթատեխնիկական բացերը լրացնելու հրատապ խնդիրներ ունի, որոնց լուծումները բաւականաչափ երկարատեւ ժամանակ են պահանջում: Հաշուի առնելով, որ Սեպտեմբերից սկսւում է ակտիւ քաղաքական պայքարը, եւ որպէսզի վերը նշուած խնդիրները այլեւս չխոչընդոտեն օրաթերթի բնականոն գործունէութեանը, խմբագրակազմը գերադասեց առաջիկայ երեք շաբաթները ամբողջութեամբ նուիրել յիշեալ խնդիրների վերջնական լուծմանը: Կը հանդիպենք Օգոստոսի 26ին»:
Անոնք բախտաւորներն են, երեք շաբաթուան արձակուրդով: Մենք ալ բախտաւոր ենք, որ ձեզի հետ պիտի շարունակենք հանդիպիլ վաղն ալ, միւս օրն ալ, ամէն օր՝ բացի Կիրակիէն ու Երկուշաբթիէն: