Բաւական յայտնի իրողութիւն է, որ Ռուսիա աշխատելու գացած մեր հայրենակիցներուն մէջ նկատառելի թիւով գործարարներ կան, որոնք իրենց նախաձեռնութեան ոգիով՝ իրենց ձեռնհասութեամբ, իրենց քրտինքով ապահոված են շօշափելի հարստութիւն:
Յայտնի իրողութիւն է նաեւ, որ Ռուսիոյ հայութիւնը ամէնէն անկազմակերպ հայկական համայնքներու շարքին է: Այսուհանդերձ, անվիճելի փաստ է, որ Ռուսիոյ հայութիւնը, աղքատ թէ հարուստ, անհատէ անհատ, ընտանիքէ ընտանիք մակարդակով, թէ նշանակալից ծրագիրներու կատարած նուիրատուութիւններով մեծ ներդրում ունի մեր հայրենիքի տնտեսական կեանքին մէջ:
Կարծես ժամանակը հասած է, հայութեան այս կարեւոր հատուածի առաւել մասշտապային մասնակցութիւնը ապահովելու՝ Հայաստանի տնտեսութեան հզօրացման աշխատանքներուն համար: Նախագահի Մոսկուա կատարած վերջին այցելութեան, որ աւելի շատ ուշադրութիւն գրաւեց հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերաբերեալ իր վիճելի յայտարարութեամբ, յայտնապէս իր օրակարգին վրայ եղած են ուրիշ ծրագիրներ ալ, որոնք հիմա կը դրսեւորուին, նախատեսուած՝ իբրեւ իր ջերմուկեան ուղերձին ի պատասխան: Ռուսիոյ հայ դրամատէրներու՝ Հայաստանի տնտեսական զարգացման ի նպաստ, լայնամասշտապ մասնակցութեան կապակցութեամբ նախագահը ստացած կը թուի ըլլալ յստակ յանձնառութիւններ, որոնց մասին այսօր իմացանք մամուլէն եւ որոնց վստահաբար պիտի յաջորդեն ուրիշ ուրախալի յայտարարութիւններ:
Կ’ողջունենք ռուսահայ գործարար ազգայիններու իշխանական քայլերը: Թող այս բարի վարակը տարածուի սփիւռքի բոլոր համայնքներուն մէջ: