ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ոսկէ ծիրան» երեւանեան 5րդ միջազգային տեսաժապաւէնի փառատօնին ծիրէն ներս, Երեւանի «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահէն ներս, 17 Յուլիսին սկիզբ առաւ մեծանուն գրող Ուիլեըմ Սարոյեանի 100ամեակին նուիրուած ծրագիրը:
«Այսօր յուզիչ տօն է մեզ համար: Մենք տօնում ենք մեր ազգակցի, համամարդկային մի երեւոյթի յոբելեանը: Նա 100 տարեկան է, բայց՝ երիտասարդ», նշեց «Ոսկէ ծիրան»ի տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան: Ըստ անոր, ծրագրին միջոցով հանդիսատեսը պիտի ծանօթանայ Ու. Սարոյեանի բեմագրութեամբ նկարահանուած շարք մը տեսաժապաւէններու, որոնց ցուցադրութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ փատատօնին աւարտը:
Ու. Սարոյեանի եղբօրորդին՝ բեմադրիչ Հենք Սարոյեան, որ այս տարի իր մասնակցութիւնը բերած է «Ոսկէ ծիրան»ին, նշեց, որ միջոցառումը անոր համար առիթ էր անգամ մը եւս «շփուելու հօրեղբօր հետ»:
Սարոյանագէտ, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի փրոֆ. Տիգրան Գույումճեան ներկայացուց Ու. Սարոյեանի հեղինակային «Լաւ աշխատանք» եւ գրողի սցենարով նկարահանուած «Մարդկային կատակերգութիւն» ժապաւէններու պատմութիւնը:
Ժապաւէններու ցուցադրութենէն ետք ներկայացուեցաւ Արծուի Բախչինեանի «Չորս տեսիլք. Սարոյեանը եւ Հոլիվուտի դերասանուհիները» գրքոյկը, որ կ’ընդգրկէ հոլիվուտեան չորս հռչակաւոր դերասանուհիներու՝ Լիլիան Կիշի, Կրեթա Կարպոյի, Մըրիամ Հոփքընսի եւ Մարըլէն Մոնրոյի մասին Սարոյեանի շարադրութիւնները: