Չէ՛, այնքան ալ սնափառ չենք հաւատալու համար, որ թրքական բարձրագոյն իշխանութիւնները Անգարա հաւաքած են իրենց դիւանագիտական ներկայացուցիչներու ամբողջ բանակը, որ քննեն Հայկական Ցեղասպանութեան փաստի հետ ինչպէ՞ս վարուելու, նոր մօտեցում մշակելու, կամ նախկին ռազմավարութիւնը վերահաստատելու խնդիրները:
Գիտենք, որ Թուրքիան, շրջանային որոշ նախաձեռնութիւններով կը փորձէ իր քաղաքական կշիռը մեծցնել Մերձաւոր Արեւելքի եւ այդ ճամբով համայն աշխարհի քարտէսին վրայ: Գիտենք, որ Իսրայէլ-Պաղեստինէն մինչեւ ԱՄՆ-Իրան հակամարտութեանց անլուծելի թնճուկները քակելու յանդուգն իր փորձերով՝ Թուրքիան միջազգային իր ազդեցութիւնը այնպիսի մակարդակի մը կ’ուզէ հասցնել, որ Եւրոպայի հասարակապետութեան միանալու իր տարիներով հետապնդած նպատակը ի վերջոյ կարենայ իրագործել:
Ծանրաբեռնուած օրակարգ կ’ընդգրկէ թուրք դիւանագէտներու քառօրեայ հաւաքը, վստահաբար: Սակայն, ինչպէս մամուլով ակնարկուեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի բերանով, Հայկական Հարցը անպայմանօրէն պիտի ունենայ իր արժանի տեղը: Նկատի ունենալով, որ աշխարհագրական այդ տարածքին վրայ հաղորդակցութեանց ճամբաներու բաց ու ապահով դարձնելը ռազմավարական նշանակութիւն ունի շրջանի բոլոր պետութիւններուն համար, նկատի ունենալով, որ Եւրոպային համարկուելու թրքական յաւակնութեան առջեւ կանգնած խնդիրներէն են Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հետ ուղղակի կամ անուղղակի առնչուող միջազգային ակնկալութիւններն ու սպասումները: Ուղղակի առնչուողը՝ եւրոպական այն բանաձեւն է, որ Թուրքիոյ Եւրոպային միանալուն իբրեւ նախապայման կը պահանջէ, որ ան ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Այս նախապայմանը կրնայ յիշուիլ կամ մոռցուիլ, ըստ նպատակայարմարութեան: Անուղղակին, սակայն, Թուրքիոյ մէջ խօսքի ու մարդկային իրաւունքներու ազատութեան վրայ դրուած բռնութիւններն են, որոնց պարագային Հայկական Ցեղասպանութիւնը կը հանդիսանայ դրդապատճառ մը, մղելով յատկապէս մտաւորական խաւի մը հակադրուելու ճնշող օրէնքներուն՝ ըլլալով արգիլուած թեմայ եւ հետեւաբար շարունակական գլխացաւանքի աղբիւր:
Յամենայնդէպս, ամենայն ուշադրութեամբ պիտի հետեւինք թուրք դիւանագէտներու ընտրանիի հաւաքի արդիւնքներուն, գոնէ անոնց այն մասին, որ պիտի հրապարակուի, մնացեալն ալ արդէն յայտնի կը դառնայ հետագայ յայտարարութիւններէն ու կեցուածքներէն: