Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է, ուր իր գնահատականը կը ներկայացնէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնեցման ուղղութեամբ նախաձեռնութիւնը, «խնդրահարոյց» բնորոշելով նախագահի յայտարարութիւնը:
Ստորեւ՝ ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան հաղորդագրութիւնը.
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, վերջերս, Մոսկուայի մէջ կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «թրքական կողմն առաջարկում է ձեւաւորել մի յանձնաժողով, որը պէտք է ուսումնասիրի պատմական փաստերը»: Շարունակելով, նախագահը յայտնեց. «մենք դէմ չենք այդպիսի յանձնաժողովի ստեղծմանը, բայց այն ժամանակ, երբ կը բացուի սահմանը մեր պետութիւնների միջեւ…»: Այս յայտարարութենէն ետք, յաջորդական քանի մը առիթներով, Պրն. Սարգսեան պաշտօնապէս ակնարկեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանին բացուելու անհրաժեշտութեան եւ անմիջական հարեւանութեան մէջ գտնուող երկու երկիրներու ուղղակի յարաբերութիւններու կարեւորութեան:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, մանաւանդ նկատի ունենալով որ, դժբախտաբար, առ այսօր, մեր իրականութենէն կը բացակայի Հայ Դատի արդարացի լուծման պետական յստակ հայեցակարգ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին յայտարարութիւնը կը համարէ խնդրայարոյց դրսեւորում մը, դիւանագիտական ինչպիսի շպարումներ ալ տրուին անոր: Ի վերջոյ, ազգային գերագոյն մեր շահերուն որեւէ ձեւով չի նպաստեր որդեգրումը բոլոր տեսակի այն միջոցառումներուն, որոնք կրնան, նոյնիսկ նուազագոյն չափով, հարցականի տակ առնել հայկական ցեղասպանութեան բացարձակապէս անվիճելի եւ անսակարկելի ճշմարտութիւնը:
Մեկնելով վերոնշեալէն՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը անհրաժեշտ եւ նպատակայարմար կը համարէ որ մեր ժողովուրդի ղեկավար բոլոր անձերն ու մարմինները, երբեք ջանք չխնայեն ազգային եւ անհատական բոլոր հնարաւորութիւնները կեդրոնացնելու Հայ Դատի հետապնդման, ինչպէս նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան համընդհանուր ճանաչում եւ համապատասխան արդար լուծում ապահովելու նուիրական աշխատանքին վրայ, ինչպիսի ճիգ ալ ենթադրէ անիկա: