Կիրակի, 13 Յուլիսին, Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ Համազգայինի 14րդ ուսանողական հաւաքին։ Այս տարի հաւաքին կը մասնակցին աւելի քան 35 ուսանողներ Միացեալ Նահանգներէն, Պրազիլէն, Քանատայէն, Աւստրալիայէն, Ռուսիայէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրանէն, Ֆրանսայէն եւ Հայաստանէն։
Հաւաքի ծրագիրին, նկարներուն եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններուն օրը-օրին կրնաք հետեւիլ այցելելով Համազգայինի կայքէջը՝ www.hamazkayin.com։